image

Հալէպի մէջ Սուրիական դրօշակը աւելի բարձր կը ծածանի քան քիւրտերունը

Հալէպի մէջ Սուրիական  դրօշակը աւելի բարձր կը ծածանի քան քիւրտերունը

Հալէպի մէջ քրտական ինքնապաշտպանական ուժերու իշխանութեան տակ գտնուող շրջաններու պետական կառոյցներուն վրայ սուրիական դրօշը ծածանած է:

Ըստ սուրիական «Ալ Ուաթան» թերթին, Սուրիոյ դրօշը ծածանած է Պոսթան Փաշա, Հոլլուք, Պըիտին, Շէյխ Մաքսուտ եւ Շէյխ Խըտըր թաղամասերու պետական կառոյցներուն վրայ այն բանէն ետք, երբ պետութիւնն ու այդ թաղամասերուն տիրող քրտական ուժերը համաձայնութեան եկած են:

Համաձայնութեան կէտերէն է նաեւ վերաբանալ պետական այն կառոյցները, որոնք տակաւին կանգուն են, ինչպիսիք են դպրոցները, որոնց վրայ ծածանող սուրիական դրօշը աւելի բարձր դիրքի վրայ պիտի ըլլայ քան քրտականը: