Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Զուրինը, Ժընեւի մէջ կայացած յանձնաժողովի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Հալէպի այժմէական խաղաղութիւնը կայուն չէ, մանաւանդ, որ նկատելի է մեծ թիւով ահաբեկիչներու եւ ծայրայեղականներու տեղաւորումը քաղաքին հիւսիսը եւ արեւմուտքը:
Ան ըսած է նաեւ, որ Տահէշ յաճախ կը փորձէ կտրել արագ ճանապարհը Հալէպի, Հոմսի եւ Համայի միջեւ: