Հին Մոսուլի մէջ իրենց պարտականութիւնը կատարելու ժամանակ, երեք թղթակիցներ զոհ գացած են Տահէշի կողմէ լարուած ականի մը, որ տեղադրուած էր իրաքեան բանակի դէպի քաղաքի խորքեր յառաջացումը կասեցնելու համար: Այս մասին կը յայտնէ «Ֆրանսբրես» լրատուական գործակալութիւնը, նշելով, երեք լրագրողները փոխադրուած են տեղւոյն ամերիկեան հիւանդանոցը, սակայն Ֆրանսացի թղթակից Ստեֆան Ֆիլինովը եւ Իրաքցի թղթակից Պիխթիար Հատատը մահացած են, մինչ ֆրանսացի թղթակցուհիին առողջական վիճակը շատ ծանր է: