image

Եւ այլն...

Եւ այլն...

            1. Եւ այլն...

           Այս բառը կը ծառայէ փակելու թւումներու շարք մը, որ ինքնին բաւական բարացուցական է,  որ չենք ուզեր երկարել եւ որուն հետեւող միաւորները  իրենք զիրենք կը թելադրեն  կամ  լռելեայն կ’իմացուին, կ’ըմբռնուին:

            Օրինակ՝

     ---Փերեզակը պայուսակին մէջ  ունէր ասեղ, դերձան, մատնոց, կոճակներ  եւ այլն: 

     ---Աղօթքին  մասնակցեցան Թորոսը, Մարկոսը, Կիրակոսը, Մարտիրոսը եւ այլն:

          Նման պարագաներու  պատշաճ չէ, որ  միայն մէկ, թէկուզ երկու թւում   կատարուի, ապա  աւելցուի «եւ այլն»: Պէտք  է,   սանկ, քանի մը անուն  թուենք, ունկնդիրին ականջը եւ ընթերցողին աչքը կշտացնենք, յետոյ միայն շարքը փակենք  եւ այլն-ով:

          Այսպէս, օրինակ, ընդունելի չէ ըսել. «Փերեզակը պայուսակին մէջ ունէր  ասեղ եւ այլն:

           Թէկուզ՝ «Փերեզակը պայուսակին մէջ ունէր ասեղ, դերձան եւ այլն»:

      Իսկ թէ ճիշդ քանի միաւորի թւումէ ետք պէտք է աւելնայ եւ այլն-ը...խօսքային միջավայրը կը թելադրէ մեզի  այդ մէկը, կը բաւէ որ քիչ մը շրջահայեաց ըլլանք եւ յարգենք մեր սեփական խօսքը, իմա՝ մենք մեզ. որովհետեւ մարդ իր խօսքն իսկ է:

          Բաց աստի, երբ թւումի առարկաները մարդեր են, ապա անպատճաճ է եւ այլն-ով փակել շարքը, որ քիչ մը նիւթ, իր կը թելադրէ, եւ այս պարագային  փակել շարքը «եւ ուրիշներ» անորոշ դերանունով:

          Ծանօթ.– Հոն ուր ուրիշ միաւորներու ներկայոււթիւնը, համադասութիւնը թելադրելի չէ, պէտք է խուսափել այս եզրափակիչ բառերէն. օրինակ՝ ընդունելի չեն սապիսի կառոյցներ.

          ----Հանդիսութեան մասնակցեցան աշակերտները,  ուսուցիչները  եւ ուրիշներ:

            Ուրիշ ո՞վ կ’ուզէիր որ մասնակցէր կամ մասնակցէին հանդիսութեան, քանի ուսուցիչ ու աշաակերտ արդէն կը կազմեն ամբողջութիւն մը, եւ այս երկուքը միասնաբար այլեւս չեն թելադրեր ուրիշ մասնակիցներ:

          ---Վաճառասեղանին վրայ շարած էր ձուկ եւ այլն:

       Ա՛յս ալ չեղաւ. բնաւ ալ ըմբռնելի չէ, թէ սեղանին վրայ ծախու ձուկ շարողը ուրիշ ի՞նչ բան կամ բաներ կրնայ շարած ըլլալ:

        Եւ վերջապէս պէտք է ի մտի ունենալ, որ՝

            ---Հայերէնի մէջ եւ  ու  այլն միշտ ու միշտ անջատ կը գրուին: Ընդունելի չէ եւն ու եւայլն՝ յատկապէս մամուլի ու գրական երկերու մէջ:

   Հայերէնի մէջ այլն անորոշ դերանուն է, դէմք ու դիմագիծ ունի, քերականական պաշտօն ունի, ի պահանջել հարկին կը հոլովուի. օրինակ՝  եւ այլնի, եւ այլնէ, եւ այլնով...այլ խօսքով՝ անհատականութիւն ունեցող բառ է, չի նմանիր արեւմտեան etc…-ին:

        Այսինքն՝ հայերէնը հայերէ՛ն է,  ու դուք հա՛յ էք:

       ---Իր այս կիրարկութեան մէջ  եւ  շաղկապէն առաջ ստորակէտ չի դրուիր: Այս նրբութիւնը դժբախտաբար կարելի չ’ըլլար հասկցնել երէց սերունդի այն գրողներուն, որոնք ֆրանսական ու անգլիական բարքերով սնած են, իրենց կեանքին մէջ հայերէնի կէտադրութիւն սորվեցնող չեն ունեցած եւ կառչած են իմացական օտար կարծրատիպերու:

 

            2.  Իբրեւ արդիւնք...

            Ապաշնորհ  ոճի, շարադրանքի, բառամթերքի ու կէտադրութեան, այլեւ այլասերող հայերէնի  նմուշ մը. 

          ---«Ընդհանուր առմամբ, տարիներու գործակցութեան, իբրեւ արդիւնք կատարուած է  մօտ  30.000 տոլարի  ներդրում մը»:

        Նախ այն դառն կորուստը, որ արձանագրեցին կարգ մը բառեր՝ շնորհիւ, պատճառով, հետեւանքով, բերումով, որոնք մեր աչքերուն առջեւ խոշտանգուեցան ու  սառնասրտօրէն  դուրս մղուեցան արդին  հայերէնէն՝ փոխարինուելու համար  անշնորք ռուսաբանութեամբ մը, որ է  արդիւնքով, իբրեւ արդիւնք, իբրեւ հետեւանք...եւ նման ապականութիւններ, որոնք չեն վերջանար, չըսելու համար, որ ամէն օր քիչ մը աւելի կը թարմանան եւ  կենսունակութիւն ու գետին կը շահին  արեւմտահայ  անփոյթ գրողին գրիչին տակ:

      Պէտք կա՞յ այս բոլորէն ետք, իմաստ մըն ալ ունի՞  նկատել տալ, թէ անհեթեթ ստորակէտ մը դրուած է  «գործակցութեան» բառին կից: Ինչպէ՞ս կը տրամաբանէ այսպէս կէտադրողը, ո՞ւր  եւ որմէ՞ սորված է այս հայերէնն ու այս կէտադրութիւնը,– գնա՛ հասկցիր...

          Ողղակի ողբալի է, եթէ արգահատելի չէ:

 

 

Արմենակ Եղիայեան