image

Եթէ Օր Մը Լճանանք, Այդ Պահուն Թող Զարնեն Մեր Ճակտին. «Նոր Գրականութիւն»

Եթէ Օր Մը  Լճանանք, Այդ Պահուն Թող Զարնեն Մեր Ճակտին. «Նոր Գրականութիւն»

Զիջէի՞նք - որո՞ւ եւ ինչի՞ն: Զիջի՞նք, երբ գիտենք սահմանին ներսի կողմը համակերպութիւնը կ'իշխէ, թռիչքի տեղ՝ գորտային ծանծաղ ցատկռտուքներ կան միայն, խոշորացոյցներ կան ինքզինք դիտելու եւ միջակ փչոց մը մեծ հռչակելու... բառակոյտերը շատ, ախ ու վախը շատ, կեղծիքը եւ իրար յօշոտելը շատ, Ձիւնաթոյրի հեքիաթին հայելիով զմայլողները բազում, կարծես սփիւռքը հողէն դուրս ընդունած ըլլար միմիայն օտար քաղաքներու արուեստական չըլլալիքը, թխածոյ ախտերը եւ քիչ մըն ալ չբեր, չափուած-ձեւուած հայութեան դեղաբոյր պատմուճան... Եւ եթէ այս բոլորին դէմ բորբոքիս, գլուխդ պատէ պատ զարնես, ընդվզիս՝ վարժապետական վաստակաւոր լուրջ դէմքեր կը սկսին հերետիկոսի հրկիզման փայտեր ցոյց տալ՝ փոխան հաւատքը մաքրաջրելու իրե՛նց զիջումին:

Ո՞ւր կ'երթանք սա բորոտ պոռոտութիւնը շալկած, գուրգուրալով մեր սապատներուն, մեր դիմակներուն, մեր պատեաններուն վրայ, մեր մասոշիսթ լալկանութեան վրայ... Ո՞ւր կ'երթանք այսպէս բոլորիս միջեւ մէկական վանողական անդունդ, թղթադրամի պէս տափակ երազներով մեծ կամ պզտիկ, սփիւռք մը եւ արմատաշարժ Հայաստանը՝ անկամուրջ, փոթորիկի ձայնէն իսկ փախչող յանձնուածութիւն ցանցնելով... Մորթերնուս վրայ հետք ձգած իրականութիւններն են ասոնք, շատերէն ու վաղուց տեսնուած, բայց մնացող, տարածուող, կրծող:

Ասկէ ետք, մեր առաջին «ազդ»ին մէջ ինչի որ հաւատացինք, ինչ որ մերժեցինք տակաւին կը մնան մեզի հետ, բայց «Սէր»ը կը փոխէ մեզմէ ալ շատ բան, կը մտրակէ մեր անցեալը՝ միշտ եւ միշտ «յարափոփոխ աւշաւորման» մղելով, ի վերջոյ՝ «Նոր Գրականութիւնը իր կեցութիւնը արտայայտութեան նոր կերպերու փնտռտուքով կ'արդարացնէ»: Շատ բան մեզի հասաւ մեր մասին ըսուած, բայց միայն փսփսուքներով: Անդին՝ միայն բացառուած քիչեր իրենց մատները դպցուցին մեր վէրքերուն եւ խօսեցան սիրտ սրտի, մեր շիտակը-ծուռը գրելով միանգամայն: Բայց փսփսուքները մնացին նոյնը: Ըսին՝ չենք հասկցուիր, անհաղորդ ենք, ժողովուրդէն կտրուած գրութիւններ տուած ենք, բառեր շարած ենք քով քովի, շատ վերէն կը թռինք, շատ ալ «նոր» գրականութիւն չենք, յաւիտեանս յաւիտենից, ամէն:

Սխալներ ունէինք (բնականաբար երբ ձեռնածալ չես) եւ անճռկողը չենք այդ սխալներէն: Չուզեցինք որ մէկը ուղղութիւն տայ մեզի եւ մեր սխալները ըրինք մեր անկախութեամբը, ըրինք մինակ – կը շտկենք մինակ, մէկին ձեւով ասած՝ հայոց պատմութեան առաջին դասի նահապետին պէս, ցուրտ ու սառնամանիք տեղերէ:

Նախ՝ չգրեցինք հասկցուելու համար, այլ ենթագիտակիցի բխումներ յղեցինք դէպի մարդոց ենթագիտակիցը, միակ անխաթար վայրը ցեղին յիշողութեան: Նաեւ՝ լսած էինք, գիտէինք եւ ընդունած որ գրական, մտային, բանաստեղծական որեւէ շարժում յաջողելու , դիպուկ դառնալու եւ մանաւանդ հզօրանալու համար պէտք է պատկանի իր ժամանակին ու սնանի անոր պորտակապէն: Մեր խօսքը կազմուեցաւ, շնչեց ու աճեցաւ ներկային մէջ, ճիշդ այնպէս ինչպէս մենք կ'ապրինք քաղաքներու քաղցկեղ ապականութեան մէջ, անէծքով եւ ՄԵՐԺՈՒՄՈՎ: Ա՛յս մերժումն է որ մեր խօսքը դարձաւ, եւ որ մեր ծայրայեղ իրապաշտութիւնը եւ յստակութիւնը կը շեշտէ այսօր: Այդ ներկայէն յղեցինք մեր ջիղերու ներծծած քաոսը դէպի մարդոց ջիղերը, որոնք սակայն հարիւր գոյնի քաղքենի կլայեկ քսած էին անոնց, մեղսակցութեամբը գեր-հանճարեղ մեր ակադեմիկոսներուն: Անհաղորդ թուեցանք՝ որովհետեւ ուզեցինք ծայրայեղ լխկումին դէմ խօսիլ մեր պրկումին ծայրամասէն եւ այդքան հեռաւորութենէ ոչ ոք լսեց մեզ, մանաւանդ երբ մեղաւոր ալ չէին իրենց տրուած «վեր»ի արուեստի բնակիչներուն արժեչափերուն համար, խարխուլ սանդխամատերով մինչեւ ձեղնայարկ ելլող դանդա՜ղ իտէալներու համար: Ժողովուրդէն կտրուա՞ծ – ճիշդ մի գուցէ, գիրքը չհասաւ ժողովուրդին, բայց ի՞նչ գիրք է որ այսօր կը ծնի չսփիւռքի մէջ եւ տեղ կը հասնի: Մենք զայն դարձուցած էինք հրձիգ վառօդէջերու փարիսական անարձագանգ տաճարը այրերու, երեք օր ետք հաւատալով նոր շինուելիք մեծարենցեան հիւղակի մը իսկ... իրենք զիրենք ընտրանի համարողներուն փետրաթափին համար էին «ժողովուրդէն կտրուած», թէկուզ եւ իքնաքանդ գրութիւնները, բայց միշտ ցանուցիր մեր ժողովուրդին ճակատագիրէն սնանող, անոր քրտինքին, անոր տեսիլներուն համար ճամբայ ելած մեր գրութիւնները:

Վերջապէս, բառերը եթէ «շարած» էինք ըստ ծանծաղներու, արդիականութիան թխելու եւ կամ բառով բաց մը ծածկելու անարիւնութեան կարիքը չունէինք – փշրուած հայելին էինք մեր օղակող Պէյրութի, ափիւռքի – աշխարհի մեր հաւատալիքներու տարտղնման եւ բառ, գիր, շարահիւսք՝ եղան արձանագրութիւնը այս վտանգաւոր թրթռացումներուն: Տարտղնեցինք անքանդ, dĕconstruction-ով չվախցանք զառանցանքէն իսկ որ կը ծնէր այդքան ճնշումէ, եղանք երազի յանկարծափոխ լեզու.- կարճ՝ այն ինչ որ է մեր ներսիդին այ՛դ  արտաբերեցինք եւ սեռայնօրէն, բնազդի ամենէն թէժ կողմերէն այժմ նորէն քայլ կ'առնենք դէպի տեսնուած եւ անտես վայրեր: Իսկ եթէ օր մը մենք լճանանք, այդ պահուն թող մեր ետեւէն եկողները իրենց նորը զարնեն մեր ճակտին – այդ օր յաղթանակ է մեզ համար, այդ օր կ'ըլլանք իրենց բաժակի հին գինին: Մենք չուզեցինք ստեղծել «Նոր Գրականութիւն»՝ նորոյթին կամ նորագոյնը ըլլալու յաւակնութեան համար, այլ «նոր» պարզապէս մշտատեւ նորոգման մղելու յամառութեամբ: Իսկ ան որ «շատ վերէն» տեսաւ մեր թռիլը՝ սփիւռքի երկու հազար եօթը հարիւր յիսուն թիւ բառամթերքով գոհացող, յանգ-ժանգ սիրող, խմորէ խայծին հաց ըսող գաճաճներ պէտք է ըլլային, տաբատնին գօտիին մէջ կոճկուած ստորակայութեան միջակէտեր, որոնց համար մեծ երազները անյարիր կը թուին արտերկրի արեւ չտեսած կեանքին...

Նոյնն են մեր կեցուածքներ հիմա ալ:

Պէյրութ                                                          «Նոր Գրականութիւն»