image

Էրտողանի «Օսմանեան» նոր քայլը. Սուտան իր կղզիներէն մին Թուրքիոյ «յանձնեց»

Էրտողանի «Օսմանեան» նոր քայլը. Սուտան իր կղզիներէն մին Թուրքիոյ «յանձնեց»

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի շրջագայութեան առաջին հանգրուանը ռազմական ու տնտեսական համաձայնագիրներու կնքմամբ առանձնացաւ:

Դէպի Սուտան կատարած այցի ամէնէն յատկանշական դէպքն այն էր, որ նախագահ Օմար Ալ Պաշիր հաւանութիւն տուաւ Սաուաքէն կղզին յանձնել Թուրքիոյ տնօրինման, որուն առթիւ Էրտողան յայտարարեց. «Մենք խնդրեցինք Սաուաքէն կղզին վերակառուցելու եւ իր նախկին վիճակին դարձնելու նպատակով որոշ ժամանակով մեզի յանձնել, որուն ի պատասխան նախագահՊաշիր «այո» ըսաւ»: Էրտողան միաժամանակ նշած է. «այլ յաւելուած մըն ալ կայ, որուն մասին այժմ չեմ բարձրաձայներ»:

«Lebanon 24» լրատուական կայքին հաւաստմամբ, բացի նշուած համաձայնագիրէն, թուրք եւ սուտանցի գործարարներ 9 այլ համաձայնագիրներ ստորագրած են, որոնք կը վերաբերին գիւղատնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան ոլորտներուն:

Միւս կողմէ երեքշաբթի օր այլ հանդիպում մը եւս տեղի ունեցած է Սուտանի նախագահին եւ Քաթարի բանակի գլխաւոր հրամանատարին միջեւ, որուն ընթացքին քննարկուած են զոյգ երկիրները յուզող խնդիրներ, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի անվտանգութեան ու խաղաղութեան հարցերը: