Սուրիոյ հիւսիսը թրքական բանակի ռազմական գործողութիւնները կրնան Սուրիոյ միասնականութեան համար վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ եւ բացասաբար ազդել ահաբեկիչներու դէմ պայքարի վրայ: Այս մասին յայտարարած է Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունը, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն:
«Նախագահ Աունը ՄԱԿ-ի խորհրդականին ըսած է, որ թուրք-սուրիական սահմանին տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւնները կրնան վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ, եւ Լիբանանը կը հետեւի զարգացումներուն՝ յոյսով, որ Սուրիոյ միասնականութեան վրայ ոտնձգութիւններ չեն ըլլար»,-ըսուած է Լիբանանի նախագահի մամուլի ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Աւելի ուշ յայտարարուած է ցամաքային գործողութիւններու սկիզբի մասին: