18 Հոկտեմբերին լրատուամիջոցներու կողմէ տարածուած լուրին համաձայն, ափրիկեցի ղեկավարներէն մէկուն կինը դատական հայց ներկայացուցած է փախուստի դիմած լիբանանցի գործարարի դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Աղբիւրը նշած է, որ Զիմպապուէյի նախագահին կինը լիբանանցի գործարար Ճամալ Ճոզէֆ Ահմատի դէմ դատական հայց ներկայացուցած է, յայտարարելով, որ վերջինս 1,35 միլիոն տոլարի դիմած վաճառուած ադամանդեայ վզնոցը չէ յանձնած առաջին տիկնոջ, որ նպատակ ունէր այն կրելու 95-ամեայ երկրի նախագահին հետ իր ամուսնութեան տարեդարձի օրը:
52-ամեայ Կրէս Մոկապի յայտնած է նաեւ, որ լիբանանցի գործարարը վզնոցին փոխարէն 300 տոլար արժող մատանի մը յանձնած է իրեն, իսկ երբ գումարին մնացածը պահանջած է, Ահմատ 120 հազար տուած է միայն:
Իր հերթին լիբանանցի գործարարը հերքած է պատմուածը, նշելով, որ ինք սպառնալիքներ ստացած է Զիմպապուէյի հետախուզական մարմիններուն, ինչպէս նաեւ Կրէսի ու իր որդիներուն կողմէ, որմէ ետք փախուստի դիմած է: