Թագաւորական գահի լիազօրութիւններն աստիճանաբար իր գահաժառանգին փոխանցելու նպատակով կատարուած քայլերէն մին երէկ Էլիզապէթ թագուհիի կողմէ քաղաքացիական բախումներու զոհերու յիշատակին ծաղկեպսակի տեղադրման պարտականութիւնն իր որդի Չարլզին յանձնարարելն էր: Այս մասին կը գրէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:
Նշենք, որ այս այն սակաւ օրերէն մէկն է, երբ Բրիտանիոյ ժողովուրդն առիթ կ'ունենայ իր թագուհին տեսնելու, սակայն թագաւորական պալատի յայտարարութեան համաձայն, այս տարի թագուհին նախընտրած է պատշգամը ամուսնոյն կողքը կանգնիլ:
Ըստ թագաւորական վարչակարգն ուսումնասիրած մասնագէտներու, Էլիզապէթ Բ. չի ցանկար հեռանալ գահէն, սակայն իր թագաւորական լիազօրութիւններն աստիճանաբար սկսած է փոխանցել Չարլզին, որովհետեւ թագուհին առաւել գիտակից դարձած է իր կարողութիւններուն: