Աւստրալիոյ մօտ ՄԱԿ-ի Փախստականներու գերագոյն յանձնակատարը յայտնած է, որ Աւստրալիա իր մօտ ապաստանած հարիւրաւոր գաղթականներէ ու փախստականներէ երես թեքած է, կը յայտնէ «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, յանձնակատարը մեղադրանք ուղղած է Աւստրալիոյ դէմ, Մանոս կղզի ապաստանած գաղթականներու փախստականի կարգավիճակ ստանալու դիմումներն անտեսելու մէջ:
Յանձնակատարի պաշտօնական խօսնակը Ժնեւի մէջ ՄԱԿ-ին ներկայացուած հերթական հաշուետուութեան ժամանակ յայտարարած է, որ աւելի քան 800 փախստականի անվտանգութիւնը խաթարուած է Մանոս կղզիին մէջ:
Յանձնակատարը միաժամանակ կոչ ուղղած է Աւստրալիոյ կառավարութեան, անյապաղ կերպով խնդիրին լուծում տալու, եւ փախստականները անել կացութենէ փրկելու: