Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ Ասատ օրերրս ընդունած է ռուսական պատուիրակութիւն մը, նախագահ Փութինի յատուկ դեսպանորդ Ալեքսանտր Լաւրանթիեւի գլխաւորութեամբ: Այս մասին կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
«Թելեկրամ»ի հրապարակած Սուրիոյ նախագահի հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ հանդիպման ժամանակ խօսուած է Սուրիոյ բանակին ու իր դաշնակիցներուն արձանագրած յաղթանակներուն, ինչպէս նաեւ Ասդանա 7-ի պատրաստութուններուն ու այնտեղ քննարկուելիք հիմնախնդիրներուն մասին:
Ասատ շեշտած է, որ սուրիական հողերն ահաբեկիչներէ ազատագրելը աստիճանաբարենթահող կը պատրաստէ քաղաքական լուծման համար, մանաւանդ, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները մշտապէս կողմ եղած են քաղաքական այն լուծման, որ կը վերահաստատէ Սուրիոյ խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրի ինքնիշխանութիւնը:
Ասատի պնդմամբ, Սուրիա մէկ կողմէ կը շարունակէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, միւս կողմէ կ'աջակցի քաղաքական գետնի վրայ կատարուած հաշտեցման փորձերուն, ինչպէս նաեւ կը ձգտի ազգային երկխօսութեան համաժողովի գումարման, որուն պիտի մասնակցին բոլոր կողմերը, այնուհետեւ պիտի կայանան սահմանադրական փոփոխութիւններն ու խորհրդարանական ընտրութիւնները:
Ռուս պատուիրակներն իրենց հերթին հաւաստիացուցած են, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Ռուսիա մշտապէս պիտի օժանդակէ Սուրիոյ կառավարութեան, միաժամանակ որ աջակցութիւնը յայտնելով քաղաքական լուծման, որ պիտի ապահովէ սուրիական հողերու ամբողջականութիւնն ու վերահաստատէ երկրի խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը: