Անցեալ շաբաթ Լիբանանի քաղաքական թիւ մէկ օրակարգը Արաբական Ծոցի համագործակցութեան երկիրներու կողմէ հրապարակուած յայտատարութիւնն էր: Այդ յայտարարութեամբ «Հըզպալլա» կը ճանչցուէր, որպէս ահաբեկչական կազմակերութիւն, այդպիսով աննախընթաց լարուածութիւն ստեղծելով Սիւննի աշխարհին եւ Լիբանանին միջեւ: Բոլորին համար բացայայտ է, որ Լիբանան, քաղաքական խմորումներուն մէջ ըլլալով խոցելի երկիր մը, նիւթական կարեւոր ակնկալիքներ ունի Սիւննի աշխարհէն: Լիբանանեան քաղաքական այն կողմերը, որոնք հանրութեան կը ներկայանան որպէս «Մայրիներու յեղափոխութեան» (Վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպաննութիւնէն ետք սկիզբ առած շարժումը, որուն հետեւանքով Լիբանան տեղակայուած սուրիական ուժերը դուրս եկան Լիբանանէն) կերտիչներ կը շտապէին դատապարտել «Հըզպալլա»ի պատասխանատուներուն Սէուտական Արաբիոյ ու մասնաւորապէս իշխող Ապտըլ Ազիզ ընտանիքին դէմ արձակուած քննադատութիւնները: Այդ քննադատութիւնները, իրենց ծանրագոյն փուլը մտան Րիատի ու անոր դաշնակից տէրութեանց տարի մը առաջ Եէմէնի մէջ շղթայազերծած «Զսպումի փոթորիկ»ը անունով զինուորական գործողութիւնէն անմիջապէս ետք: Րիատ անհանգիստ ըլլալով Եէմէնի մէջ Շիիթ Հուսիներու շարժումներէն, հանգրուանները կ'այրէր ու բաց պատերազմի մը կը մտնէր: Տեղի ունեցած գործողութիւններուն ընթացքին քաղաքացիական ծանր կորուստներ գրանցուեցան ու ցայսօր ալ Հուսի զինեալները, որոնք ապաստանած են երկրի լեռնային անառիկ բնակավայրերուն մէջ, մնացին անդրդուելի: Աւելին, անոնք ապաւինելով ռուսական արդիական զէնքերուն, կրցան ծանր հարուած տալ ոչ միայն նախագահ Ապտըլ Հատի Ալ Մանսուրի ուժերուն, այլ նաեւ հարուածել Եէմէնի տարբեր շրջանները հասած արաբական դաշինքի ուժերուն: Այս զարգացումներուն ֆոնին վրայ էր նաեւ, որ «Հըզպալլա»ի առաջին քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլա յականէ անուանէ կը քննադատէր Րիատն ու անոր իշխանաւորները: Եղած քննադատութիւնները աննախադէպ էին իրենց բուռն ոճով: Շիիթ աշխարհի համար մահ ու կենաց խնդիր էր Եէմէնի մէջ սկիզբ առած պատերազմը: Թեհրան իր բոլոր գործիքները օգտագործելով կը փորձէր դէմ դնել Եէմէնի մէջ իր դիրքերու տկարացման համար սկիզբ առած պատերազմին: Իրօք տեղի ունեցածը, ոչ թէ միայն Հուսիներու դիրքերը տկարացնելու համար կռիւ էր, այլ Րիատ կ'ուզէր անմիջական պատգամներ յղել Թեհրանին:
Եէմէնի պատերազմին մասին երկար մեկնաբանութիւն մը կատարելը օգտակար է՝ հասկնալու համար, որ Րիատի կողմէ այս օրերուն «Հըզպալլա»ին դէմ եղած արշաւը հիմնուած է ոչ միայն Հասան Նասրալլայի կողմէ արձակուած քննադատութիւններուն վրայ, այլ, անոր համար, որ «Հըզպալլա» տարբեր բնոյթի ուղղակի միջամտութիւններով կը մասնակցի ոչ միայն Սուրիոյ, ալ նաեւ Իրաքի ու Եէմէնի պատերազմներուն:
Րիատ այսօր ոչ նախանձելի իրավիճակի մը մէջ է: Սուրիոյ մէջ անոր ներկայացուցած առաջարկները կը զարնուին Մոսկուայի պատերուն ու բացի անկէ եւրոպական ընտանիքը առաջուան նման թութակի պէս չի կրկնէր Րիատի կողմէ Պաշշար Ասատի իշխանութիւնէն հեռացման անտեղիտալիութեան մասին հնչեցուած խօսքերը: Սուրիական գետնի վրայ ամէն անցնող օրուան հետ Րիատ աւելիով պիտի խրուի աւազին մէջ: Այնքան ատեն, որ թագաւորութեան պատասխանատուներ չեն կրար իրողապէս վերլուծել Ուաշինկթըն- Մոսկուա համաձայնութիւններու հիմքով ընթացող գործընթացները, Սիւննի աշխարհի տէրերը կրնան տուժել բոլոր գետիններուն վրայ:
Կիրակի 6 Մարտի երեկոյեան իր արտասանած խօսքով «Հըզպալլա»ի առաջնորդը կը յայտարարէր, որ Րիատի կողմէ «Ֆորս մաժոր»ային հանգամանք ունեցող բոլոր մօտեցումները արդիւնք են պարտուածութեան զգացումներու: Լիբանանեան Շիիթ համայնքի թիւ մէկ առաջնորդը, որն այսօր դարձած է Միջին Արեւելքի կարեւոր խաղացողներէն մին, կը հաւատայ, որ Եէմենի ու Սուրիոյ մէջ իր կուսակցութեան («Հըզպալլա») ըրած զինուորական միջմատութիւնները կը բխին Լիբանանի ընդհանուր շահերէն: Ճիշդ է նաեւ, որ Լիբանանի քաղաքական գետինը կիսուած է այս կեցուածքներուն շուրջ: Ու Լիբանանի քաղաքական ընտանիքին գրեթէ կէսը «Հըզպալլա»էն կը պահանջեն արագօրէն դուրս գալ սուրիական ճահիճներէն:
Պէտք է խոստովանիլ, որ հակառակ Սուրիոյ մէջ սաստկացած պատերազմին, Լիբանան տարբեր հանգամանքներու բերումով հեռու մնաց պատերազմական նոր դաշտի մը վերածուելու վտանգներէն: Ապահովութեան պահպանման համար կարեւոր ճիգեր իրականացուցին Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն, բայց եւ այնպէս Սէուտական աշխարհին կողմէ «Հըզպալլա»ի դէմ եղած գրոհը եւ ներկայ հանգրուանին տնտեսական եւ դիւանագիտական «պատերազմ»ով բացուած այս հանգրուանը կրնայ շատ աւելի ծանր հետեւանքներ ունենալ Լիբանանի վրայ: Օրեր առաջ «Հըզպալլա»ի մօտիկ համարուող կայանը լուր մը կը հրատարակէր այն մասին, որ լիբանանցի պատասխանատուներու Ուաշինկթըն տուած վերջին այցին ընթացքին, անոնք մէկէ աւելի ամերիկացի պատասխանատուներէ զգուշացումներ լսած են կապուած Իսրայէլի կողմէ Լիբանանին ու «Հըզպալլա»ին դէմ ըլլալիք հաւանական պատերազմէ մը: Ճիշդ է, որ նման լուր մը նորութիւն չէր լիբանանցիներուն համար, բայց եւ այնպէս լուրին թայմինկը եւ ամիսներ առաջ (միշտ ըստ նոյն կայանին) Գերմանիոյ գաղտնի սպասարկութեան գործիչներու Պէյրութի հարաւային արուարձան («Հըզպալլա»ի գլխաւոր կեդրոնատեղի, որ յայտնի է Տահիյէ անունով) տուած այցը եւ «Հըզպալլա»ի պատասխանատուներուն հետ անոնց ունեցած հանդիպումները եւ զգուշացումները ցոյց կու տան, որ Իսրայէլի հետ Լիբանանեան ճակատը կրնայ որեւէ պահու բռնկիլ: Բնական է նաեւ, որ Իսրայէլ, որ մտահոգ է, «Հըզպալլա»ի Սուրիոյ պատերազմին ունեցած մասնակցութենէն, ուրախութեամբ կ'ընդունէր Սիւննի աշխարհին կողմէ նոյն կուսակցութեան դէմ հնչած քննադատութիւններուն եւ որպէս «ահաբեկիչ» որակումներուն: Ուրեմն շրջանին մէջ նոր ձեւաւորուող գործընթացները կրնան որեւէ ատեն յօդս ցնդիլ, եթէ Իսրայէլ պատերազմ մը սկսի վերջնականապէս մաքրելու համար «Հըզպալլա»ի հետ իր հին հաշիւը: Իսրայէլցի մէկէ աւելի զինուորական պատասխանտուներ կը խօսին ծանր եւ անակնկալներով լեցուն պատերազմի մը մասին, որ իր հետեւանքներով պիտի ըլլայ աննախընթաց: Անոնք այսքանը կը խոստանան ու կը մոռնան 2006 թուականի պատերազմին դասերը: Իրենց կարգին «Հըզպալլա»ի պատասխանատուներ, որոնց համար ներկայ հանգրուանը եւ քաղաքական եւ ռազմական առումներով նուրբ փուլերու մէջ է, երբեք պիտի չհրաժարին խմել իրենց առաջ երկարած պատերազմի լեղի բաժակէն:
Տակաւին չեմ խօսիր Լիբանան հաստատուած շուրջ միլիոն գաղթականներուն մասին, որոնց մեծամասնութիւնը Սիւննիներ են եւ կը լրացնեն լարուած ուժանակի բոլոր տուեալները:
Իսրայէլացի յայտնի զինուորական վերլուծաբան Ամուս Հաարէլ «Հաարէթց» պարբերականին մէջ իր ստորագրած յօդուածով դիտել կու տայ, որ այսօր Իսրայէլի համար թիւ մէկ պատուհասը «Հըզպալլա»ն է: Հաարէլ նաեւ կը գրէ, որ «Հըզպալլա», հակառակ անոր, որ սուրիական պատերազմին մասնակցելով ծանր հարուածներ կրած է, բայց եւ այնպէս տակաւին կը պահէ իր մարտունակութիւնը: Եւրոպական աղբիւրներ կը խօսին, թէ «Հըզպալլա» Սուրիոյ մէջ տուած է 1300 զոհեր եւ շուրջ 5000 վիրաւորեալներ, սակայն խմբաւորումը ունի 41 հազար զինեալներ, որոնց 21 հազարը «օրինական» զինուորներ են: «Հըզպալլա»ի ամէնէն կարեւոր զինուորական գրաւը, անոր ունեցած հրթիռային համակարգն է, որուն միջոցաւ կազմակերպութիւնը 2006-ի պատերազմի ընթացքին ահ ու սարսափ մատնեց Լիբանանի մերձ իսրայէլեան հիւսիսային հատուածները: Կը խօսուի, որ իր հազարանոց հրթիռային «շտեմարան»էն զատ կուսակցութիւնը յաջողած է մի քանի առիթներով ռուսական արդիական հրթիռներ Սուրիայէն Լիբանան փոխադրել: Այս երեւոյթին դիմաց անհանգիստ Իսրայէլ փորձեց քանի մը օդային գրոհներ կատարելով կասեցնել զէնքերու փոխադրութիւնը, բայց եւ այնպէս նոյնիսկ ռուս մասնագէտներ կը խօսին, որ «Հըզպալլա» յաջողած է իր տրամադրութեան տակ ունենալ SI 22 տիպի հրթիռներ, որոնք ուժ ունին զինուորական որեւէ ընդհարումի պարագային հաւասարակշութիւններու նոր ընթացք մը մէջտեղ բերել:
Այս մթնոլորտին մէջ է, որ այսօր կը բարձրաձայնուի , թէ արդեօ՞ք Իսրայէլ նոր պատերազմը մը պիտի սկսի Լիբանանի դէմ: Հարցումը կը լսուի տարբեր կողմերէ, հակառակ անոր, որ բոլոր խաղացողները լաւ գիտեն, որ որեւէ պատերազմ պիտի չլուծէ «Հըզպալլա»- Իսրայէլ հակամարտութիւնը, այլ աւելիով պիտի բարդացնէ առանց անոր ալ արեան մէջ լողացող Միջին Արեւելքի ընդհանուր իրավիճակը:
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/ Պոլիս