image

Արցախի մէջ «Քորոնա»ի վարակման 3 նոր դէպք

Արցախի մէջ «Քորոնա»ի վարակման 3 նոր դէպք

 

Արցախի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակի (COVID-19) 3 նոր դէպք: Վարակակիրներէն 2-ը Ստեփանակերտ քաղաքէն են, որոնցմէ մէկը Իւանեան գիւղի մէջ հաստատուած օճախի հետ շփման մէջ եղած է, իսկ միւսի մօտ վարակը հաստատուած է բուժհասատատութիւն դիմելիութեան ժամանակ իրականացուած հետազօտութեան շնորհիւ: «Քորոնա» ժահրով հիւանդ երրորդ անձը Մարտունիի շրջանի Նոր Շէն գիւղէն է:
 Առողջացած է 5 քաղաքացի:
Առ այսօր, նոր «Քորոնա» ժահրային հիւանդութիւնը հաստատուած է 302 մարդու մօտ, որմէ 270-ը յաղթահարած է հիւանդութիւնը: Փաստացի բուժում կը ստանայ 30, ընդհանուր մեկուսացուած է 55 քաղաքացի:
Բժիշկները 2 հիւանդի առողջական վիճակը կը գնահատեն ծանր, 6-ինը՝ միջին ծանրութեան:
Մինչ այսօր կատարուած է 11439 փորձանմուշի հետազօտութիւն: