image
Հրատապ լուրեր:

Արաբական Լիկան դատապարտեց Թուրքիոյ յարձակումը

Արաբական Լիկան  դատապարտեց Թուրքիոյ  յարձակումը

Արաբական   Լիկան, որ   Սուրիոյ    մէջ  ընթացող    զարգացումներուն  առթիւ արտակարգ ժողով մը  գումարեց,  դատապարտեց Թուրքիոյ  արարքը։

Լիկայի     անդամ երկիրներու  արտաքին  գործոց  նախախարներու՝  Գահիրէի  մէջ կայացած  ժողովի  աւարտին     անդամները  միաձայնութեամբ       կոչ  ըրին  միջազգային հանրութեան  արագօրէն հակազդելու եւ ճիգեր   գործադրելու,  որպէսզի վերջ տրուի    թրքական ոտնձգութիւններուն  ու նաեւ Անգարա   արագօրէն  դուրս  բերէ իր   զօրքերը  Սուրիայէն։

Նշենք, որ    Լիկայի ընդհանուր քարտուղար   Ահմատ Ապու Ալ Ղայտի   կողմէ  հրապարակուած  յայտարարութենէն կարճ  ժամանակ մը  անց Քաթարի   Արտաքին  Գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ    հաղորդագրութեամբ   նշելով, որ Քաթար  վերապահ է  Լիկայի կողմէ հրապարակուած     յայտարարութեան։