Լիբանանի Պեքաա շրջանին մէջ երկրի իրաւասու մարմինները ձերբակալած են շարք մը յանցագործութիւններու մէջ մեղադրուող սուրիացի ահաբեկիչ Ահմատ Խալետ Տիապը, որ յայտնի է «Ապու Ալ Սիք» անունով: Այս մասին կը տեղեկացնէ լիբանանեան «Ալ Ժատիտ» կայանը:
Ըստ աղբիւրին, մեղադրեալը 2014 թուականին Արսալի պատերազմի գլխաւոր յանցագործներէն էր եւ «Ալ Նուսրա» ահաբեկչական խմբաւորման ղեկավարներէն:
Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ ահաբեկիչը 2014 թուականի Օգոստոսին սպանած է լիբանանեան բանակի սպայ՝ Նուր Ալ Տին Ալ Ճամալը, որ զոհուած էր լիբանանեան զինուած ուժերուն
կողմէ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ մղուող պայքար ընթացքին: