image

Անգարա Յայտնուած է PKK-ի եւ Տահէշի Մագիլներուն միջեւ

Անգարա  Յայտնուած  է PKK-ի եւ Տահէշի Մագիլներուն միջեւ

Մէկ կողմէ  Անգարա պաշտօնապէս կը յայտարարէր  Իսրայէլի  հետ  յարաբերութեանց   բնականոնացման  մասին  եւ միւս կողմէ      թրքական  մարդասիրական նաւեր կը հասնէին    Պաղեստինեան  Կազայի ափ:

Թուրքիան, որ անցնող  ամիսներուն ընթացքին  կը  յայտնուէր ամբողջական մեկուսացման  վտանգին առջեւ  այսօր կարեւոր շրջադարձ մը կատարելով  կը փորձէ յարաբերութիւններու նոր  ընթացակարգով մը    շրջանային  թատերաբեմ  ներկայանալ:   

Քաղաքական բրակմաթիզմի  եւ   յարափոփոխ  կեցուածներու  վարպետ համարուող Էրտողանի համար Թէլ Աւիւի  հետ    յարաբերութիւններու աշխուաժցումը  բնական  պէտք էր:  Պէտք է  նաեւ դիտարկել, որ    Անգարա- Մոսկուա  անսպասելի ձիւնհալը  անմիջական  կապ ունէր Իսրայէլի   վարչապետ Բէնիամին Նաթանիահույի   վերջերս   Մոսկուա կատարած  այցին հետ:  Նաթանիահու, որուն այցին  մասին   թափանցիկ վերլուծութիւններ չեղան, պարզ է, որ հանդէս  եկաւ միջնորդի դերով  եւ անոր  թիւ մէկ   նպատակն էր  հաշտեցման եզրեր գտնել        մէկուսացած Անգարայի եւ  քէն  պահած Մոսկուայի միջեւ:   Միջին Արեւելքի  համար  բաւական  մեծ ազդեցութեան գօտիներ ունեցող այս երկու երկիրներու     իրար հետ համերաշխ  ըլլալու հանգամանքները  աւելի  կարեւոր  են քան, ըսենք   Ռռուսական    Սու-26    կործանիչի    քայքայման    դէպքը եւ անոր  մէկ օդաչուին սպաննութիւնը  շատ հաւանաբար թիւրքմէն  զինեալներու  կողմէ:    Սուրիոյ  ճակատագրական պատերզամին մէջ կարեւոր  գործօն հանդիսացող    երկու տէրութիւնները   ունին      հաւաքական շահեր ու առաջին անգամը չէ, որ     ռուսներու   կողմէ   Էրտողանի դէմ հնչած ատելավառ  խօսքերը պիտի աւարտէին  նոր  «սիրաբանութեամբ»: Սկիզբ առած    յարաբերութիւններու բնականոնացումը պիտի  ընթանայ դանդաղ     քայլերով բայց եւ այնպէս   երկուշաբթի  օր  Անգարայի   կողմէ      ռուսական  կործանիչներուն  առջեւ «Ինճիրլիք»ի  օդակայանը բաց  յայտարարելու մասին որոշումը արդէն իսկ շատ բան կ'ըսէ այդ առումով:

 Անհաւանական ալ չէ, որ   թրքական ներքին  ճակատին վրայ  բաւական բարդ խնդիրներ ունեցող Էրտողան   «կակուղցընէ» Սուրիոյ  իշխանութեան մասին իր կեցուածքները եւ   այս առումով Մոսկուայէն «կանաչ  լոյս» մը ստանալէ ետք    իր  բոլոր կոշտ մօտեցումները մէկդի դնէ  եւ   ձեռք երկարէ   Սուրիոյ նախագահին:    Այսպիտի շրջադարձներու մէջ  բաւական  մեծ աւանդ ունեցող  Թուրքիային համար դժուար չէ   այդ քայլը ընելը պայմանաւ, որ ան       կարողանայ  իր ուզածը քաղել  Սուրիոյ մէջ: Եթէ պահ  մը ենթադրենք, որ  Անգարայի  հովանիով  կռուող  խմբաւորումներ  վերջին  ամիսներուն  մեծ նահանջ մը  ապրեցան   Սուրիոյ մէջ ապա այսօր փաստացի տուեալ է, որ   «մահամերձ» կարծուած  այդ խմբաւորումները    մեծ քանակութեամբ  «թթուածին» ստանալով    կը հեռանանան անէանալու   թակարդէն:   Տարբեր հաշիւներով  «կը հեռացուի» Հալէպի ճակատամարտը, որուն կարեւորութեան մասին    խօսեցան  գրեթէ  բոլորը:  Այս   պատկերին դիմաց կարելի է հասկնալ, որ շրջանին մէջ  «կարկանդակ»ի  բաժանում  մը կը կատարուի: Ու գալիք նոր դրոյթներուն  դիմաց շատ  բնական է, որ Անգարա   իր  բոլոր    ներուժը  լարէ     յստակ եւ ապահով  դեր մը  ունենալու համար:

Թուրքիոյ համար   այսօր գերխնդիրը Սուրիոյ  նախագահին իշխանութեան վրայ մնալ- չմնալու հարցը չէ, այլ  անոր համար  էական մտավախութիւնը Սուրիոյ քիւրտերուն    ապագան   կամ    իշխանատենչութեան  փորձերն են:  Ով ալ ըլլայ Անգարայի տէրը, անոր համար անընդունելի  է, որ Սուրիոյ քիւրտերը                տարբեր շրջաններու մէջ ինքնավարութիւն յայտարարեն: Ուրեմն հոս է, որ  Անգարա- Դամասկոս շահերը կը  համընկնին պայմանաւ, որ այդ շահերու «օրհնութիւն«ը կատարուի  Գրէմլի անմիջական   հսկողութեան    տակ:

 Բացի ասկէ       պէտք է նաեւ հաշուի առնել, թէ  Անգարա ինչ պայմաններով կը մօտենայ  Թէլ Աւիւին: Համարաբական  եւ համաիսլամական   լոզունքներով հանդէս եկած Էրտողան  այսօր  իր շահերուն համար, իր  իսկ գործածած  լոզունքներուն դէմ պիտի ելլէ  եւ մէկդի դնէ  պաղեստինեան դատին  հանդէպ իր  ունեցած կեցուածքները:    «Համաս», որ Կազայի տէրն ու տիրականն է  լաւապէս կը հասկնայ   այս փուլին լրջութիւնը եւ    կը շարժի  պահի   թելադրած  «մեղմութեամբ»: Աւելին «Համաս»ի ղեկավարութիւնը  չուզէր հակազդել  Անգարայի  անոր Պոլսոյ մէջ հաստատուած զինուորական  պատասխանատուներու  հեռացումին դիմաց:  Այս բոլորը կը կատարուին  մեր աչքերուն  առջեւ  եւ  միշտ հիմնուելով «Րէալ փոլիթիք»ի կանոններուն վրայ:

Գալով  Ուաշինկթընի, որուն   հիմնական  ներկայացուցիչը՝  նախկին վարչապետ  Ահմատ Տաւութօղլուն  «խաղէն կը հեռացուէր», ցարդ   պաշտօնական  արձագանք  չէ  տուած: Ամերիկեան կողմը, որ բաւական վրդոված է  Էրտողանի    կեցուածքներէն     ըստ երեւոյթին  յառաջիկայ հանգրուանին ալ   կը պահէ իր  լռութիւնը մինչեւ, որ  նոյեմբերին նախատեսուած  նախագահական  ընտրութիւնները  աւարտին եւ    ԱՄՆ  նոր առաջնորդին վարչակարգը   շրջանին համար գծէ  ճանապարհային  նորացուած քարտէզ մը:  Ճիշդ է, որ Թուրքիան     Ամերիկայի համար շրջանային   կարեւոր    դեր ունեցող տէրութիւն  է, բայց այդ կարեւորութիւնը   կամ  դերը  առաջուան    պէս անփոխարինելի դեր մը  չէ:  Բնականաբար այս բոլորը  աւելի կը յստականան միայն   Սպիտակ Տան    նոր   ղեկավարի  ընտրութիւնէն   ետք   ու այդ առումով  եւս կարելի է սպասել    կարեւոր  նորութիւններու:  Վերը խօսեցանք Իսրայէլի   ունեցած հաւանական  դերի մը մասին: Այդ դերը  ունի մէկ սլաք, որուն հիմնական թիրախը՝  Իրանն է:   Թէլ  Աւիւի համար  կարեւոր է հաւաքագրել        այն կողմերը, որ ունին    միացեալ  շահեր  ու շատ  հաւանական է, որ անոնց  ունեցած   շահերուն ընդհանուր պրիսմակը        անդրանցնի    իսլամական  հանրապետութեան  ընդհանուր շահերը:

Ատոր համար է նաեւ, որ   Նաթանիահու  կը շտապէ  յաջողութեամբ պսակել Անգարա- Մոսկուա  հաշտեցումը:  Այս  պրիսմակէն դիտուած նորութիւն մը  փոխանցած չենք ըլլար, եթէ  գրենք, որ Մոսկուա մէկ օրէն միւսը իր դաշնակիցներէն չի հրաժարարիր: Այս  խօսքը վաւերական  կը դառնայ, եթէ լաւ կարդանք Սուրիոյ պատերազմի օրագրութեան ամէնէն թէժ     էջերը: Բացի ատկէ   Մոսկուա  ինք ալ հետամուտ է, որ   եւրոպական  պատիժներուն դիմաց     ունենայ թրքական տնտեսական   համակարգին  հետ համագործակցելու   միջոցները:  Տնտեսական մեծ շուկայ, նաւթ,  ու մանաւանդ   միջերկրականեան ջուրերուն մէջ եղող   իսրայէլեան կազի հանքերու ներուժէն օգտուելու  կարելիութիւններ:

Ահա  այս օրինաչափութեամբ է, որ Էրտողանի Թուրքիան  մեծ շրջադարձներ կատարելու սեմին է:   Ամէն պարագայի սակայն    Օսմանեան  շապիկով   հանդէս եկող   Թայէպը  առաջուան նման  համընդհանուր առաջնորդ մը ըլլալու բոլոր   միաւորները սպառած է: Անոր  գործած մեղքերն  ու յանցանքները զինք  նսեմացուցած են  ու կարեւոր ալ չէ, թէ  ան ինչքանով պիտի կարողանայ   իր երկրի տնտեսական      ձեռքը   տանիլ    դէպի   ռուսական  շուկաներ:

Կարեւոր է, որ  արաբական աշխարհը    այսօր  աւելի քան, որեւէ  ժամանակ   կարողացաւ աւելի մօտէն ճանչնալ զինք: 

Ու այդ ճանաչողութիւնը  շատ հաւանաբար  իր   առաջին    ատամները ցոյց տայ յառաջիկայ  փուլերուն:

Անգարա   պիտի շահի  Մոսկուայի եւ Թէլ Աւիւի սիրտը, բայց  ասոնց  դիմաց ան  պիտի դիմագրաւէ   քրտական PKK -ին եւ րատիքալ  Տահէշին     արիւնոտ   մագիլները:

 

 Սագօ Արեան

«Արարատ» Պէյրութ