image

ԱՄՆ նախագահը յայտարարեց Միջին Արեւելքի պատերազմներէն դուրս գալու մասին

ԱՄՆ նախագահը յայտարարեց Միջին Արեւելքի պատերազմներէն դուրս գալու մասին

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբը յայտարարած է, որ ժամանակն է դուրս գալ այս անվերջանալի պատերազմներէն ու Սուրիայէն տուն վերադարձնել ամերիկեան զօրքը: Թրամբ այս մասին իր թուիթըրեան էջին գրած է երկուշաբթի՝ 7 հոկտեմբերին՝ մեկնաբանելով Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակը:

«Քիւրտերը կը կռուէին մեզի հետ միասին, բայց ատոր դիմաց անոնք կը ստանային հսկայական գումարներ եւ սարքեր: Անոնք Թուրքիոյ դէմ կռուած են տասնամեակներ... Եկած է ժամանակը դուրս գալու այս ծիծաղելի անվերջանալի պատերազմներէն եւ վերադարձնել մեր զինուորները տուն»,-գրած է Թրամբ իր թուիթըրեան էջին:

Ան աւելցուցած է, որ Թուրքիան, Եւրոպան, Սուրիան, Իրանը, Իրաքը, Ռուսաստանը եւ քիւրտերը իրենք պէտք է որոշեն, թէ ինչ պէտք է ընեն «Իսլամական պետութեան» զինեալներուն հետ:

Աւելի վաղ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը յայտարարած էր, որ ԱՄՆ-ն սկսած է դուրս հանել իր զօրքը Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքէն, ուր Թուրքիան մտադիր է անվտանգ գօտի ստեղծելու գործողութիւն իրականացնել: