Ռուսիոյ նախագահ Փութին երէկ յայտարարած է, որ ԱՄՆ կը փորձէ անտեսել այն փաստը, թէ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաւաստի տեղեկութիւններ ունի Սուրիա եւ Իրաք մեկնած ահաբեկիչներուն մասին, կը գրէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:
Փութին իր տարեկան ընդլայնուած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ շեշտած է, որ Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման ուղղութեամբ գործունէութիւն ծաւալող բոլոր կողմերը պէտք է գիտակցին, որ պէտք չէ ահաբեկիչներ օգտագործեն, իրենց քաղաքական նպատակներուն հասնելու համար: