Ամերիկեան ուժերը դուրս պիտի գան Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններէն։
Այս մասին լուրը հաղորդեց «Ալ Հատաս» կայանը յղում կատարելով «Փէնթակոն»ի մօտիկ կանգնած իր աղբիւրին։
Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ աւելի քան հազար ամերիկեացի զինուորներ պիտի հեռանան Սուրիոյ հիւսիսի տարբեր քաղաքներէն եւ մասնաւորապէս Քոպանիէն։
Կը նշուի նաեւ ամերիկեան գերատեսչութեան որոշումով զինուորները պիտի հեռացուին նոյնիսկ այն շրջաններէն, որոնք ներկայիս ալ կը համարուին խաղաղ եւ վտանգէ հեռու քաղաքներ։