Մարդիկ ստրկութեան տօներ չունին, այլ՝ ազատութեան ու անկախութեան եւ զանոնք կը տօնեն մեծ հանդիսութեամբ։ Այսօր, մեր միտքի թռիչքով կ'երթանք մինչեւ 1918 Մայիս 28-ը, եւ մտորումներու մէջ իյնալով կը փորձենք հաղորդակից ըլլալ ու հասկնալ այդ սրբազան օրուան արժէքն ու նշանակութիւնը։ Օր՝ որ գնուեցաւ մեր հայրերու արեան հեղումով։ Ճիշդ է, Հայու արիւնը հոսեցաւ, սակայն այս անգամ ոչ թէ տրտմութիւն յառաջ բերելու, այլ՝ ուրախութիւն։
1918 Մայիս 28-ին, մենք ունեցանք մեր ազատ ու անկախ Հայրենիքը եւ եռագոյն դրօշը պարզուեցաւ Հայրենիքի հողին վրայ, համայն մարդկութեան յայտարարելով, թէ Հայը տակաւին ո՛ղջ է, Հայը տակաւին չէ՛ մեռած ու պիտի չմեռնի՛, որովհետեւ իր մէջ ազատ ապրելու կամքը զօրաւոր է, եւ գօտեպնդուած՝ իր նախահայրերու՝ Գրիգոր Լուսաւորիչներու, Տրդատ Թագաւորներու, Վարդան Մամիկոնեաններու, Ղեւոնդ Երէցներու, Գրիգոր Նարեկացիներու, Ներսէս Շնորհալիներու, Գրիգոր Տաթեւացիներու, Ստեփանոս Սալմաստեցիներու, Իսրայէլ Օրիներու, Գէորգ Չաւուշներու, Սերոբ Աղբիւրներու, Խրիմեան Հայրիկներու, Կոմիտասներու, Սահակ Խապայեաններու, Գարեգին Յովսէփեանցներու, Արամ Մանուկեաններու, Յովհաննէս Քաջազնունիներու, Ալեքսանտր Խատիսեաններու, Գարեգին Նժդեհներու, եւ ուրիշ շատ-շատերու աննկուն ոգիով։
98 տարի արդէն անցած է այդ սրբազան թուականէն։ Ճիշդ է, որ այդ 98 տարիներու մեծամասնութիւնը դարձեալ անիշխանութեան ենթարկուեցաւ, սակայն 1918 Մայիս 28 իւրաքանչիւր Հայ անհատի հոգիին, միտքին ու սիրտին մէջ դրոշմեց ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ զգացումը։
Հայը իր նկարագիրով խիզախ, պայքարող, զօրաւոր, չնահանջող, չխորտակուող, չտկարացող ու չյուսահատող կերպար մըն է, որովհետեւ իր էութեան մէջ ճշմարիտ հաւատքը ունի ԻՍԿԱԿԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ Պարգեւողին՝ Յիսուս Քրիստոսի նկատմամբ։ Ամուր կառչած է իր նախնիներու աւանդներուն հոգեւոր ու ազգային, որոնցմով կ'ապրի ու կ'ապրեցնէ։
Այսօր, սակայն, ամէն ժամանակէ աւելի, իւրաքանչիւր Հայ կարիք ունի ներքին անկախութեան ու խաղաղութեան, որովհետեւ արտաքին անկախութիւնը անմիջականօրէն կապուած է մեզմէ իւրաքանչիւրին ներքին անկախութեան հետ։ Տակաւին, մեր Հայրենիքը կարիքը ունի ձերբազատուելու ամէն տեսակի աղանդաւորական շարժումներէ ու հոսանքներէ, որոնք արտաքին թշնամիներէն աւելի կը սպառնան մեր անկախութեան ու ազատութեան, որովհետեւ մեզ կը պարպեն մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներէն ու սկզբունքներէն։
Ի վերջոյ, 2016-ի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը եկաւ իւրաքանչիւր հայու յստակ կոչ ընելու, թէ անկախութիւն պահելու համար չի՛ բաւեր միջազգային ատեաններ վազել ու արդարութիւն մուրալ, այլ՝ ապաւինիլ սեփական ոյժին եւ կարողութիւն, որովհետեւ ճշմարիտ անխակութիւնը կը շահուի սեփական ոյժով, այլապէս օտարին բերած կամ հրամցուցած «անկախութիւնը» կեղծ է եւ անցաւոր, մինչ սեփականը՝ ճշմարիտ եւ մնայուն:
Անկախութեան տօնդ շնորհաւո՛ր, ժողովուրդ Հայոց։
Հանգի՛ստ ննջէք, Հա՛յ հերոսներ՝ անցեալի ու ներկայի: