«Այսօր պաշտօնական բողոք ներկայացուցի բժիշկներու սենտիքայի Դամասկոսի մասնաճիւղին...ընդդէմ հանրաճանաչ ջիղերու մասնագէտ, բժիշկ՝ Եասէր Ահմէտ Սալէհին, որուն դարմանատունը կը գտնուի Դամասկոսի Մազզէ շրջանը».այս մասին յայտարարած է սուրիացի նշանաւոր բեմադրիչ՝ Զուհէր Քանուհ:
Քանուհ նշած է, որ այս բոլորին դիմաց կինը վճարած է 24 հազար սուրիական լիրա, որովհետեւ ըստ բժիշկին, ան երկար ժամանակ տրամադրած է հիւանդին:Բեմադրիչը ընդգծած է, «կինս վճարեց պահանջուած գումարը: Ան ամօթ զգաց տեղւոյն վրայ գանգատելու թէ այդ ժամանակը տրամադրած էիր ինքնագովութեան, աւելի քան բժշկական խորհուրդին»:
Ապա աւելցուցած է թէ կինը առաւել եւս ամչցած է առարկելու, թէ այցեգինը շատ աւելի սուղ է Առողջապահութեան նախարարութեան նշած սակագինէն:
Յայտնի բեմադրիչը եզրափակելով ըսած է «Մի լռէ՛ք եւ ձեր իրաւունքները պահանջեցէ՛ք, յատկապէս բժշկական ոլորտէն ներս, մանաւանդ այն բժիշկներու նկատմամբ, որոնք իրենք զիրենք մարդասէր կ'անուանեն, ի մասնաւորի մեր ապրած այս սեւ օրերուն»:
Սենտիքայէն բեմադրիչին վստահեցուցած են, թէ պիտի հետապնդեն իրենց հարցը, եւ ձեռնարկեն համապատասխան իրաւական միջոցներուն:
Լուրը՝ «Ալ Խապար» էն