image
Հրատապ լուրեր:

Գանատայի մէջ «Քովիտ»ի երրորդ ալիք

Գանատայի մէջ «Քովիտ»ի երրորդ ալիք

Գանատայի մէջ արդէն «Քորոնա» ժահրի տարածման երրորդ ալիքը սկսած է: Ինչպէս կը հաղորդէ INTERFAX.RU-ն, այս մասին յայտնած է երկրի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոն:

«Ողջ աշխարհով մէկ երկիրներն այս պահուն լրջօրէն կը բախին համավարակի երրորդ ալիքին: Եւ հիմա նաեւ Գանատան»,- ըսած է քաղաքական գործիչը:

Թրիւտոն նաեւ յայտնած է, որ մտադիր է իրավիճակը քննարկել Օնթարիօ նահանգի վարչապետ Տակ Ֆորտի հետ: Այդ նահանգով շաբաթ օրուընէ մասնակի մեկուսացման ռեժիմ սահմանուած է «Քովիտ-19»-ով վարակուածներու թիւի կտրուկ աճի պատճառով:

ԶԼՄ-ներու տուեալներով՝ վերջին շաբթուայ ընթացքին Գանատայի մէջ օրական յայտնաբերուած է մօտ 5200 վարակման դէպք: Մեծցած է հիւանդանոց տեղափոխուող հիւանդներու թիւը:

Միեւնոյն ժամանակ կը հաղորդուի, որ Գանատայի մէջ 10 միլիոն չափաբաժին հակաքորոնաժահրային պատուաստանիւթ տեղաբաշխուած է:

Worldometers կայքի տուեալներով՝ Գանատայի մէջ համաճարակի ողջ ընթացքին վարակուած է աւելի քան 1 միլիոն մարդ, մահացած է՝ աւելի քան 23 հազարը: