Լիոնի մէջ ահաբեկչութիւն գրանցուած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ տեղի «Բրոկրէս» թերթէն։
Աղբիւրը նշած է, որ զինեալ մը կրակ բացած է այդ ժամերուն եկեղեցին փակել փորձող քահանային ուղղութեամբ։
Քահանան վիրաւորուած է։
Կը նշուի նաեւ, որ եկեղեցին պատկանած է Յոյն ուղղափառ համայնքին։
Անցնող օրերուն, սա երկրորդ դէպքն է որ կը գրանցուի Ֆրանսայի մէջ։
Ֆրանսան յայտնուած է բաւական բարդ դրութեան մը մէջ, տրուած ըլլալով, որ երկրի իսլամ բնակչութիւնը ինքզինք վիրաւորուած կը զգայ նախագահ Մաքրոնի իսլամներու դէմ ուղղուած քննադատութիւններէն ու մեղադրանքներէն ետք։