image

ՊԲ ստորաբաժանումները խոցած են հակառակորդի մարտական ուղղաթիռ. այն ինկած է Իրանի տարածքին

ՊԲ ստորաբաժանումները խոցած են հակառակորդի մարտական ուղղաթիռ. այն ինկած է Իրանի տարածքին

Արցախի Պաշտպանութեան բանակը կը տեղեկացնէ, որ 1 հոկտեմբերին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիի հարաւային հատուածին մէջ՝ Վարազաթումբ (Լելէ Թեփէ) տարածքին մէջ, ՊԲ ստորաբաժանումները խոցած են հակառակորդի մարտական ուղղաթիռ, որ ինկած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան տարածքին մէջ:

«Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ՝ նշուածը իր մէջ որեւէ միտումնաւորութիւն չի պարունակեր, եւ քանի որ Ատրպէյճանի սանձազերծած մարտական գործողութիւնները կ'ընթանան Իրնաի սահմանին շատ մօտ, ցաւօք, նման դէպքերը անխուսափելի են»,- Այս մասին ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: