image

Մտավախութիւն «Քովիտ»ի նոր ալիքէն. WHO

Մտավախութիւն «Քովիտ»ի նոր ալիքէն. WHO

COVID-19-ի երկրորդ ալիքի ակնյայտ սպառնալիք կայ, եթէ ժահրը չկանխուի, այն կրնայ աւերիչ դառնալ, առցանց ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Եւրոպական տարածաշրջանային բիւրոյի տնօրէն Հանս Քլիւկէն, փոխանցում է «ՌԻԱ Նովոստի»-ն:

«Երկրորդ ալիքը անխուսափելի չէ, սակայն մեծ թիւով երկիրներ սահմանափակումները կը հանեն, եւ COVID-19 վարակի երկրորդ ալիքի ակնյայտ սպառնալիք կայ, եթէ այն չկանխուի, ապա երկրորդ ալիք պիտի ըլլայ, եւ այն կրնայ շատ աւերիչ ըլլալ»,- ըսած է Քլիւկէն:

Ան նշած է, որ «այսօր մեր գործերը աւելի լաւ չեն, քան տարուան սկիզբն էին»:

«Մենք տակաւին COVID-ի դէմ ո՛չ պատուաստանիւթ ունինք, ո՛չ բուժում»,- շեշտած է ան: