image

Քիմ Քարտաշեանի նախկին սիրածի կինը, իրենց որդւոյն հայերէն կը սորվեցնէ

Քիմ Քարտաշեանի նախկին սիրածի կինը, իրենց  որդւոյն հայերէն կը  սորվեցնէ

Ամերիկեան ֆութպոլի յայտնի խաղցող Ռեճի Պուշի կինը՝ հայաստանի պարուսոյց Լիլիթ Աւագեան-Պուշը, Instagram-եան էջին որդիի մասնակցութեամբ տեսանիւթ հրապարակած է, որ հիացմունք առաջացուցած է անոր հայ հետեւորդներուն մօտ:

Տեսանիւթին մէջ Քիմ Քարտաշեանի նախկին սիրելիի որդին կը փորձէ գոյներու անունները արտաբերել հայերէնով:

«Ըսէ դեղին, կանաչ, կարմիր, կապոյտ, շագանակագոյն»,- հայերէնով կ'ըսէ Լիլիթը, որուն կը կրկնէ որդին, որ չի կրնար ճիշդ արտաբերել անոնք:

Աւելի վաղ՝ մարտին Լիլիթը տեսանիւթ հրապարակած էր, որուն մէջ հայերէնով նկատողութիւն կ'ընէր երեխաներուն:

Շատ հետեւորդներու կարծիքով՝ Լիլիթը Քիմ Քարտաշեանի նմանակն է. վերջինիս հետ Լիլիթ ամուսինը հանդիպած է 2007-2010 թուականներուն։ Քարտաշեանէն բաժանուելէն 5 տարի անց Ռեճի Պուշը ամուսնացած է Հայաստանէն պարի ուսուցչուհի Լիլիթ Աւագեանի հետ, որմէ ունի երկու երեխաներ: