«Ազդակ»էն կը կարդանք՝
Պայծառ, յաջողակ, խելացի, խորաթափանց, զգայուն, սիրող, հոգատար, գործնական, լաւատես, հեռանկարային, բարի… Տիգրան Գալայճեանի դէմքին վրայ մշտապէս պայծառ ժպիտը փորագրուած էր:
Անհնար է ըմբռնել մարդկային հրաշալի արժէքներով օժտուած Տիգրան Գալայճեանի վաղաժամ եւ անսպասելի կորուստը: Համաճարակին զոհ մը եւս` ոչ պակաս աղիտալի Լիբանանի մէջ:
Շատ սիրուած ու յարգուած էր իր ընտանիքին, ընկերներու լայն շրջանակին եւ գործընկերներուն կողմէ:
Տիգրան յաջողակ գլխաւոր տնօրէնն էր «Wunderman Thompson» ընկերութեան Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներու տարածքին: Անոր վստահուած էր միջազգային մեծ ընկերութեան 15 երկիրներու մէջ մասնաճիւղերու ֆինանսական ծրագրումը, վերահսկողութիւնը եւ ընդհանուր հաշուետուութիւնը: Իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսաւ հանրայայտ «Ernst & Young» ընկերութեան մէջ, ուր աստիճանաբար պաշտօններու բարձրացումներ ձեռք բերաւ` իր մասնագիտական կարողութիւններուն եւ յաջողութիւններուն շնորհիւ:
2006-ին Տիգրան դարձաւ «JWT» ընկերութեան միջին արեւելեան եւ Հիւսիսային Ափրիկէի տարածաշրջանի ֆինանսական պատասխանատու, իսկ կարճ ժամանակի ընթացքին ընկերութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ նշանակուեցաւ ելեւմտական գլխաւոր տնօրէն: Տարիներու ընթացքին նպաստեց ընկերութեան կառուցուածքային նախաձեռնութիւններուն, տուրքերու բարդ խնդիրներու կարգաւորման, ընկերութեան գանձապետարանի կազմակերպման ու առեւտրական ձեռքբերումներու տնօրինման: Ասոր առընթեր, նաեւ քանի մը ընկերութիւններու խորհրդական մարմինի անդամ էր:
Տիգրան ծնած է 10 մարտ 1973-ին, Պէպօ եւ Ազատուհի Սիմոնեան Գալայճեաններու ընտանիքին մէջ: Երկու տարեկան էր Տիգրան, երբ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը ծայր առաւ: Իր մօրը պաշտօնավարած Լիբանանի ամերիկեան համալսարանին մէջ հաստատուեցաւ ընտանիքը եւ երկու եղբայրներ` Տիգրան եւ Ռազմիկ, իրենց մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուցին արեւմտեան Պէյրութ այդ համալսարանին մէջ: Այդ պատճառով ալ իրենց նախակրթական եւ երկրորդական ուսումը ստացան Ամերիկեան համալսարանի կապուած Ինթըրնեշընըլ քոլեճի մէջ:
Տիգրանը իր համալսարանական ուսումը ստացաւ Լիբանանի ամերիկեան համալսարանին մէջ` ստանալով Պսակաւոր գիտութեան եւ մագիստրոսի տիտղոսները 1995 եւ 1998 թուականներուն: Մասնագիտութիւն ձեռք բերած էր հաշուապահական եւ ելեւմտական ճիւղերուն մէջ: Մասնագիտական իր CPA կոչումը ստացաւ Քալիֆորնիոյ նահանգէն:
Իր յաջող առեւտրական ասպարէզին զուգահեռ եւ, հակառակ իր մնայուն ճամբորդութիւններուն, Տիգրան հայ կեանքի մէջ ներգրաւուած էր եւ լիբանանահայ համայնքի գործօն անդամ էր, միշտ զօրավիգ ունենալով իր կողակիցը` Սիլվին: Բազմաթիւ բարեգործական, մշակութային, ուսումնական եւ ընկերային ծրագիրներու յաջողութեան նպաստած է` կազմակերպչական եւ խորհրդատուական իր բացառիկ կարողութիւններով:
Ուսանողական տարիներուն մաս կազմած է Հայաստանեայց եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողական միութեան` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ: Երկար տարիներ ծառայած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Թռչնոց Բոյն»-ի խնամակալ մարմնին` որպէս տնտեսական հարցերու խորհրդատու:
Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանին եւ համայնքին ծառայած է որպէս երեսփոխան` երկու ընտրական շրջան, ներկայացնելով Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցին: Իր օրով բարգաւաճեցաւ եկեղեցւոյ գործունէութիւնը` ընդգրկելով մարդասիրական ընդարձակ ծառայութիւններ թաղի կարիքաւոր ընտանիքներուն համար, որ կրկնապատկուեցաւ օգոստոս 4-ի Պէյրութի նաւահանգիստի աղիտալի պայթումէն ետք: Տիգրան իր մասնաւոր ներդրումը ունեցաւ ժողովուրդին ընձեռուած շաբաթական դրութեամբ օգնութիւններուն: Սիրուեցաւ ժողովուրդէն եւ գնահատուեցաւ իր բազում ծառայութիւններուն համար:
Իր ծնողաց հետ ան փոքր տարիքէն մաս կազմած էր ՀԲԸՄ-ի մեծ ընտանիքին: Ան հետեւողական կերպով իր զաւակները առաջնորդած էր մաս կազմելու «Տէմիրճեան» կեդրոնի գործունէութիւններուն մարզական, կրթական, ընկերային եւ սկաուտական մարզերուն:
Հասակ առնելով Պէպօ եւ Ազատուհի Սիմոնեաններու ընտանիքին մէջ, Տիգրան եւ եղբայրը` Ռազմիկ, մաս կազմեցին ՀՄՄ-ի սկաուտական կազմակերպութեան ու հասան մինչեւ փոխխմբապետի մակարդակին: Անոնք իրենց ասպարէզի յաջողութիւններուն մէջ երբեք չմոռցան իրենց միութիւնը եւ դարձան հովանաւորներ ՀՄՄ-ի սկաուտական շարժման` բերելով իրենց նիւթական եւ բարոյական նպաստը մինչեւ օրս:
«Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան հիմնադիր իր հօր փափաքին ընդառաջելով, նեցուկ կանգնած է միութեան աշխատանքներուն, իսկ «Արեգ» պարախումբի կեանքի կոչուելէն ետք անոր հովանաւորներէն մին հանդիսացած: Իր դստեր` Սարիկի գործօն մասնակցութիւնը պարախումբի վերջին տարիներու ելոյթներուն մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէր Տիգրանին եւ ան իր առատաձեռն նուիրատուութիւններով կ՛օժանդակէր պարախումբի պիւտճէի առաւել բաւարարման:
Տիգրան մնայուն կերպով նեցուկ կանգնած է հայ համալսարանաւարտ երիտասարդներուն, զանոնք տեղաւորելով միջազգային ընկերութիւններու մէջ, որոնց հետ ինք մնայուն կապեր ունեցած է: Անոնք միշտ ալ երախտապարտ եղած են Տիգրանին` իրենց ասպարէզի կեանքին մէջ ձեռք ձգած յաջողութիւններուն համար: Բազմաթիւ են նաեւ այն համալսարանականները, որոնք Տիգրանի համաշխարհային ցանց ունեցող ընկերութեան մէջ կատարած են իրենց փորձառական վարժութիւնները, այդ ձեւով ամբողջացնելով իրենց համալսարանական տիտղոսին պահանջք հանդիսացող փորձառական շրջանը:
Ազգային եւ հայրենասիրական խոր ապրումներով ապրող եւ տագնապող, բարձրագոյն ասպարէզի ոլորտներուն մէջ ինքզինք պարտադրած եւ վերելքներու հասած արդի երիտասարդութեան տիպարներէն էր Տիգրան, որ հպարտութիւնն էր իր ընտանիքին եւ հաւաքականութեան: Ափսոս, որ միայն 47 տարիներու վրայ տարածուեցաւ իր բազմաբովանդակ գործունէութեան ժամանակաշրջանը: Դեռ շատ տալիք ունէր իր ազգին:
Լոյս ու խունկ իր յիշատակին: