image

Ֆրանչիսկոս Պապ հաւաքական աղօթքի կոչ ըրաւ

Ֆրանչիսկոս Պապ հաւաքական աղօթքի կոչ ըրաւ

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը դիմած է աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն՝ կոչ ընելով միաւորուելու եւ մասնակցելու միասնական աղօթքին, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր կէսօրին (երեւանյան ժամանակով`15:00-ին):

«Եկէք միաւորուինք: Կը հրաւիրեմ բոլոր քրիստոնեաները 25 մարտի կէսօրին իրենց միասնական ձայնն ուղղելու դէպի երկինք՝ արտասանելով «Հայր մերը»»,- գրած է սրբազան քահանայապետը Twitter-ի էջին:

Աւելի վաղ հաղորդուող տուեալներու համաձայն՝ շարք մը երկիրներու մէջ աղօթատեղիներն ու երկրպագութեան վայրերը նոյնպէս կը փակուին՝ պայմանաւորուած «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխելուն ուղղուած միջոցառումներով: