Թուրքիոյ զբօսաշրջային ոլորտի խումբ մը գործիչներ հերթական արարքով պղծած են «Հազար ու մի եկեղեցիներու քաղաք» ՝ Անիի մէջ կանգուն մնացած հայկական Կաթողիկէ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ խորանը։
Դէպքը պատահած է, քանի մը օր առաջ երբ թուրք երգչուհի Ասլը Հիւնէլին, խորան բարձրանալով, երգած է Պոլսոյ մասին գրուած «Ախ Իսթանպուլ» երգը։ Մինչ երգչուհին երգը կը կատարէր, տասնեակ մարդիկ, որոնք կանգնած եղած են եկեղեցւոյ մէջ, ծափերով եւ ուրախութիւնով ողջունած են անոր արարքը։
Ի դէպ եղածին մասին տեսանիւթը տարածուած է յատկապէս Դվիթերի հարթակին վրայ եւ տարածումէն ետք ալ արժանի դարձած է կարգ մը ընդդիմադիր գործիչներու բուռն քննադատութեան։ Քննադատողները նաեւ զայրացած են այն պատճառով, որ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան անդամ եւ զբօսաշրջութեան գործող նախարար Մեհմեթ Էրսոյի կինը՝ Փէրվին Էրսոյը եղած է ներկաներուն մէջ, որ աւելի ուշ ալ պատասխանելով իրենց ուղղուած քննադատութիւններուն անկիրթ ոճով մը յայտարարած է, որ ինք կը ստուգէր հայկական եղեղեցւոյ «աքուսթիք»ը։
«Արեւելք»ի Պոլսոյ աղբիւրին հաղորդմամբ տեսանիւթին մէջ կ՚երեւի զբօսաշրջային հաղորդումներ ներկայացնող Սաֆֆէթ Էմրէ Թոնկուչ անունով բաւական մեծ ժողովրդականութիւն ունեցող հաղորդավարը, որ նոյնպէս «խանդավառ է» երգի ներկայացմամբ:
Քննադատողներու հիմնական մեխը եղած է այն, որ Թուրքիոյ մէջ օրեր առաջ եղած ձիւնասահքին հետեւանքով 33 զոհերու դիակները տակաւին հողին չեն յանձնուած եւ այլ թուրքեր անտեսելով այդ փաստը խրախճանքի մթնոլորտ մը կ՚ապրին։ Կը նշուի նաեւ, որ տիկին Էրսոյը Թուրքիոյ մէջ մեծ ճանաչում ունեցող զբօսաշրջութեան ընկերութեան մը սեփականատէրն ու տնօրինողն է։