Հայաբնակ Գամիշլին այսօր յետմիջօրէին թիրախ դարձաւ թրքական կողմի հրթիռարձակումներուն։ Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց Գամիշլիի մասին լուրեր հաղորդող «Ռոնահի» դիմատետրի էջը։ Կը նշուի նաեւ, որ հրթիռներէն մին ինկած է «Դեղարան Նուպար»ի կից։
Հրթիռարձակումներուն հետեւանքով վիրաւորուած են չորս բնակիչներ, որոնց երկուքը երեխաներ են։
Յիշեցնենք, որ անցնող ժամուան ընթացքին այս երկրորդ անգամն է, որ Գամիշլին թիրախ կը դառնայ թրքական կողմի հրթիռակոծումներուն։