«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ ուսումնառութեան նպատակով Երեւան փոխադրուած Էմմա Քէշիշեանը:
-Ի՞նչ պատճառներով որոշեցիք ձեր ուսումը շարունակել Հայաստանի մէջ:
Իմ Երեւան գալու պատճառներէս մէկը համալսարանական ուսումս էր: Լիբանանի մէջ իմ նախասիրած՝ անասնաբուժութեան ոլորտը կը գործէր միայն Լիբանանի պետական համալսարանին մէջ եւ ինծի խորհուրդ տուողներ ըսին, որ հոն այս ճիւղին մակարդակը շատ լաւ չէ ու կար նաեւ նախապատրաստական դասընթացքի մը հետեւելու պատճառով ուսումնական տարի մը կորսնցնելու։
Հետեւաբար, Երեւանի մէջ ուսում ստանալս ինծի համար բոլոր առումներով շատ աւելի ձեռնտու էր ու նաեւ կար Հայաստանի մէջ ապրելու եւ մեր երկրին աւելի մօտէն ծանօթանալու երազը:
-Ընտրած էք անասնաբուժութեան ճիւղը, յատուկ սէր մը ունի՞ք կենդանիներու հանդէպ: Ինչէ՞ն կու գայ այդ սէրը, ինչո՞վ կրնաք բացատրել:
Ուզեցի անասնաբոյժ դառնալ, որովհետեւ շատ մեծ սէր ունիմ, ոչ միայն ընտանի, այլ բոլոր տեսակի կենդանիներու հանդէպ։
Կենդանիներու հանդէպ այդ սէրս եւ զանոնք պաշտպանելու, պահպանելու, տուն տալու փափաքս է, որ ինձ տարաւ այդ ուղղութեամբ: Կենդանիները միշտ մարդոց ուրախութիւն կը պարգեւեն. եւ ես կ'ուզեմ զանոնք խնամելով, այդ ուրախութիւնը նաեւ իրենց տալ: Ինչպէս նաեւ ես աւելի շատ հաճոյք կը ստանամ կենդանիներու հետ ժամանակ անցնելով, քան՝ մարդոց:
-Քանի ամիսէ ի վեր Երեւան փոխադրուած էք, ինչպէ՞ս կ'ընթանայ ուսման գործընթացը, դասընկերներդ ինչպէ՞ս կ'ընդունին քեզի, շփումը հեզասահ կ'ընթանա՞յ:
Իմ դասընկերներս, կամ ինչպէս հոս կ'ըսեն՝ քուրսեցիներս, շատ լաւ վերաբերմունք կը ցուցաբերեն իմ հանդէպ, դուրսէն եկած սփիւռքահայու պէս չեն նայիր, չեն զգացներ որ օտար եմ իրենց, շատ մօտ եմ իրենց հետ, շատ կը սիրեմ զիրենք, իրենք ալ՝ նոյնպէս: Նոյնն է պարագան նաեւ դասախօսներուս պարագային: Ճիշդ է, լեզուական առումով, արեւելահայերէնի առումով քիչ մը դժուարութիւն կ'ունենամ, բայց համալսարանէն ներս բոլորը կ'օգնեն ինծի, որ յաղթահարեմ այդ դժուարութիւնը: Հետեւաբար, կրնամ ըսել, որ ուսմանս գործընթացը շատ լաւ կ'ընթանայ եւ ես ոչ մէկ դժուարութիւն զգացի, որպէս սփիւռքէն հայրենիք փոխադրուող հայ ուսանող:
-Ի՞նչն էր, որ ամէնէն շատ գրաւեց ուշադրութիւնդ Հայաստանի մէջ, ի՞նչն է, որ շատ սիրեցիր, եւ ի՞նչն է, որ չես սիրած:
Հայաստանի մէջ առաջին աչքի զարնող դրական առանձնայատկութիւնը ապահովութիւնն է, որուն պակասը միշտ զգացած ենք մեր գաղութներուն մէջ: Շատ սիրած եմ այստեղի ընտանեկան մթնոլորտը, ազատութիւնը, որ ամէն մարդ ունի, կը զգամ: Որպէս բացասական կողմ կը դժուարանամ ինչ որ բան մտաբերել, թերեւս քիչ մը ժողովուրդի մտածելակերպը փոփոխութեան, զարգանալու կարիք ունի, բայց ինչքանով որ հիմա է, նորէն շատ լաւ է, շատ առաջ գացած է Հայաստանը եւ ես շատ ուրախ եմ այստեղ:
-Վերջերս շատ կը լսենք, որ լիբանանահայ երիտասարդութեան կարեւոր տոկոս մը մտադիր է Հայաստան գաղթել, արդեօ՞ք տեղեակ էք այդ մասին, ի՞նչ տուեալներ ունիք:
Այո, ես ալ շատ լսած եմ լիբանանահայ երիտասարդներէ, որ կ'ուզեն Հայաստան գալ, հաստատուիլ եւ այդ մէկը քաջալերողներէն եմ: Ընկերներուս, ըլլայ Լիբանան կամ Սուրիա, միշտ կ'ըսեմ՝ եկէք, հոս լաւ է, հոս աւելի ուրախ կ'ըլլաք, աւելի հանգիստ է, գիշերը տունէն իջնելու այդ վախը չկայ: Եւ իսկապէս, այստեղի ապահովութիւնը ամէն ինչ կ'արժէ, հոս նաեւ օրէնք կայ, մարդիկ օրինաւոր են, ինքնաշարժ քշելու առումով օրէնքները շատ լաւ կը պահպանուին, ոստիկանութիւն կայ, ռիսքերը աւելի քիչ է:
-Աւարտելէդ ետք մտադի՞ր ես Երեւան աշխատիլ, Երեւանի մէջ շարունակել կեանքդ:
Իրականութեան մէջ, ես դեռ չեմ որոշած, թէ աւարտելէս վերջ ո՛ւր պիտի երթամ եւ վերջնական որոշում ալ չեմ ուզեր առնել հիմա: Այո՛, կը նախընտրեմ Երեւան աշխատիլ, որովհետեւ ինչպէս արդէն այս կարճ ժամանակահատուածին, ուսմանս եկող տարիներուն եւս, աւելի շատ պիտի վարժուիմ այստեղի միջավայրին, մարդոց, մթնոլորտին, աւելի հարազատ պիտի զգամ, բայց այնպէս ալ չէ, որ Լիբանան չեմ փափաքիր վերադառնալ: Ո՛չ, հակառակ Լիբանանի բոլոր տագնապներուն, դժուարութիւններուն, ես տակաւին Լիբանանը կը սիրեմ, Լիբանանը այնպիսի երկիր է, որ ուր ալ երթաս, այդ երկիրը կը փնտռես։
Բայց եթէ Հայաստանի մէջ պայմաններ ըլլան, որ աշխատիմ, կենդանիներու պաշտպանութեան վերաբերեալ հիմնարկ մը հիմնեմ եւ կառավարութեան հետ գործակցիմ, այն ատեն անշուշտ ո՛չ չեմ ըսեր: