«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Հալէպի «Կրթասիրաց» վարժարանի տնօրէն Անդրանիկ Պօղոսը:
-Վերջին շրջանին, սուրիահայութեան համար կարեւորագոյն օրակարգ դարձաւ երիտասարդներու զինուորագրութեան եւ ծառայութեան հարցը։ Ի՞նչ կրնաք ըսել այս նիւթին կապակցութեամբ։
Օրէնքը բոլորին համար է, ամբողջ Սուրիոյ ժողովուրդին համար է եւ կարելի չէ հայը տարանջատել, որովհետեւ պետութիւնը չի կրնար ըլլալ, որ հայուն տարբեր աչքով նայի։ Իմ կարծիքով՝ պիտի շարունակուի հայ զինուորականներու փախստականի կարգավիճակի մէջ ըլլալու այս վիճակը, այնքան, որ Սուրիոյ մէջ ապահովական մտահոգութիւն կայ: Այսօր մենք երիտասարդի ներուժի պէտք ունինք: Որպէսզի իրավիճակը ճիշդ պատկերացնէք տամ օրինակ մը. օր մը երիտասարդ մը գրասենեակս մտաւ ու աշխատանքի դիմում տուաւ, ենթադրեցի, որ պէտք է զինուոր ըլլայ եւ սկսայ զրուցել, ի յայտ եկաւ որ եօթ տարի զինուորական ծառայութիւն մատուցած եւ նոր ազատ արձակուած է, երբ ինք կը խօսէր ես արդէն կը մտածէի եւ որոշումս առի, որ զինք աշխատանքի ընդունիմ: Բաւական զրուցեցինք եւ իմացայ, որ իրենց գունդը երեքհարիւր հոգիէ բաղկացած եղած է եւ ամբողջ այդ գունդը ազատ արձակուած է: Ինծի համար շատ ուրախալի երեւոյթ էր եւ անմիջապէս զինք աշխատանքի առի, ան մինչեւ օրս կը պաշտօնավարէ եւ արդէն երկրորդ տարին է: Ունինք նաեւ ուրիշ երիտասարդ մը, որ նոյնպէս զինուորական ծառայութիւն մատուցած է եւ դժբախտաբար վիրաւորուած է, այս պարագային ես առաջարկեցի աշխատանք եւ արդէն աշխատանքի պիտի սկսի վիրահատութենէն ետք: Այսինքն, ինծի համար ազգային պարտաւորութիւն մըն է օգտակար ըլլալ մեր բոլոր երիտասարդներուն, որոնք հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն վճռած են Հալէպի մէջ շարունակել իրենց կեանքը։
-Հալէպէն դուրս գալու համար բոլոր քաղաքացիները պարտաւոր են օգտուիլ միակ՝ Խանասէրի ճանապարհէն։ Ինչպէս գիտենք այդ ճանապարհը շատ վտանգաւոր ճամբայ մըն է եւ վստահ եմ լսեցիք, որ հայ զոհեր ալ եղան այդ ճանապարհին վրայ։ Ի՞նչ կրնաք ըսել մեր ընթերցողներուն:
Իրականութեան մէջ, պետութիւնը այդ ճամբան պատրաստեց, որպէսզի առիթ տայ ցամաքային ճամբորդութիւններու, այսուհանդերձ տակաւին այդ օրինաւոր ճամբայ մը չէ: Իսկ մեր վարորդները, դժբախտաբար, յաճախ կը մոռնան այս իրողութիւնը եւ պատճառ կ՚ըլլան այսպիսի տխուր պատահարներու: Յոյսով եմ, ինչպէս Քապունի կողմը, Դամասկոսի ճամբան սարքեցին Հալէպէն դուրս գալու համար նախատեսուած ճանապարհներն ալ կը վերաբացուին։ Անշուշտ այս խնդիրը կրնայ լուծում գտնել միայն Իտլիպի հարցի կարգաւորումէն ետք։
-Դուք պատերազմի ամենատարբեր փուլերը ապրեցաք. ի՞նչ մնաց ձեզի պատերազմէն՝ ձեր յիշողութեան մէջ:
Ինծի համար անմոռանալի իրողութիւն է եւ կարելի չէ մոռնալ, մանաւանդ պատերազմի այն ծանրագոյն օրերը, երբ հարիւաւոր հրթիռներ մեր վարժարանի շուրջ ինկան... մենք տուինք նահատակներ, որոնք երբեք կարելի չէ մոռնալ եւ ամոքել անոնց կորստեան ցաւը: Կը յիշեմ մանաւանդ այն օրը, երբ հրթիռները սկսան մեր դպրոցին վրայ տեղալ, այդ օր մենք խոհեմութիւնը ունեցանք մեր երեխաները երրորդ յարկէն անմիջապէս վար իջեցնել: Երբ այդ հրթիռներու ձայները մօտեցան եւ հասան Քափրի շրջանին մօտերը, ես անմիջապէս տեսուչին ըսի, որ երեխաները վար իջեցնէ, նոյն վայրկեանին մօտս քննիչ եկած էր, քննիչը հետս կը զրուցէր, սակայն ես արդէն աշակերտներուն մասին կը մտածէի, թէ ինչ պէտք է ընել, որպէսզի անոնք փոքր վնաս իսկ չստանան: Հազիւ աշակերտները իջեցուցինք, երբ հրթիռը մեր դպրոցին վրայ ինկաւ, փառք Աստուծոյ, որ աշակերտ չկար եւ մենք կրցանք փրկել բոլոր երեխաները: Իմ գտնուած յարկի պատուհանները վնասուեցան, փշրուեցան, իսկ հրթիռի ինկած տեղը կամուրջ էր եւ այդ կամուրջը քիչ մը վնասուեցաւ: Երբեք չեմ կրնար մոռնալ այն վայրկեանները, երբ հակառակ մեր անհանգիստ եւ մտահոգ վիճակին, ստիպուած էինք աշակերտներուն դիմաց խնդալ եւ ուժ տալ անոնց: Նախակրթարանի փոքրիկները եկած եւ «փէշեր»էս, ձեռքերէս բռնած էին: Մենք անմիջապէս սրահ իջեցուցինք փոքրիկները: Ծնողներ լալով, ահուդողով կու գային, որ իրենց զաւակները տուն տանին, սակայն չէի ձգեր, մինչեւ որ դուրսը խաղաղութիւն տիրեց: Եւ այդպէսով, դժբախտաբար, յաջորդ օրը մենք դպրոցը փակ պահեցինք, սակայն մեր աշակերտներէն մէկուն հօր խանութի առջեւ հրթիռ մը ինկաւ եւ մեր աշակերտը հոն մահացաւ...:
Մենք կը մոռնանք, որ ջուր չունէինք, կը մոռնանք, որ ելեկտրականութիւն չունէինք, սակայն այս ծանր պահերը, մեր երեխաներու լացն ու կոծը, մեր անմեղ կորուստները, նահատակները կարելի չէ մոռնալ: Ի զուր չէ, որ այսօր իմ աշակերտներս զիս «պապա» կը կոչեն: