image

Թրամբ Քազզաֆիի կրկնօրինակն է. Ռոպէրթ Ֆիսք

Թրամբ Քազզաֆիի կրկնօրինակն է. Ռոպէրթ Ֆիսք

Հանրայայտ լրագրող Ռոպէրթ Ֆիսք «The Independent»ի էջերուն ծաղրի ենթարկած է ԱՄՆ նախագահ Թրամբը, նշելով, որ միջուկային համաձայնագիրէն դուրս գալով Թրամբ ապացուցեց, որ ինք Քազզաֆիի ամերիկեան տարբերակն է:

Ֆիսք մասնաւորապէս նշած է, թէ Թրամբ իր կամայականութիւններով եւ այլոց կարծիքը չլսելու յատկութեամբ աշխարհին ցոյց կու տայ, որ ինք Քազզաֆիի նման իրականութենէ կտրուած անձնաւորութիւն է:

Ֆիսք Թրանբը համեմատած է նաեւ ԱՄՆ նախագահներէն Թիոտոր Ռուզվելթի հետ, որ պատերազմներ յայտարարելով եւ սպառնալիքներ արձակելով հաճոյք կը ստանար: