image

Գահիրէ. Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս խօսք առաւ «Ալ Ազհար»ի կազմակերպած համաժողովին

Գահիրէ. Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ  Ա. Կաթողիկոս խօսք առաւ «Ալ  Ազհար»ի կազմակերպած համաժողովին

Գահիրէի «Ալ Ազհար»ին հրաւէրով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողոիկոս  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ  Ա. Կաթողիկոս    իր մասնակցութիւնը կը բերէ  Երուսաղէմի հարցին շուրջ կազմակերպուած միջազգային համագումարին: Այս մասին վերահասու կը դառնանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պաշտօնական կայքէջէն, որ նաեւ կը փոխանցէ, թէ  Վեհափառ Հայրապետը երէկ եղած է բացման հանդիսաւոր նիստին գլխաւոր խօսք առնողներէն մին:

 Վեհափառը շեշտած է, թէ «անհրաժեշտ է յարգել միջազգային օրէնքի տուեալները ու պատմութեան ընթացքին նուիրագործուած աւանդութիւնները՝ Երուսաղէմը նկատելով սուրբ քաղաք միաստուածեան երեք կրօններու»։ Ապա Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ 4 կէտերուն մէջ ամփոփեց իր տեսակէտը.-

 

1) Հարկ է միջազգային համայնքին յիշեցնել, որ Երուսաղէմի գրաւումը Իսրայէլի կողմէ լայն չափով այլափոխեց Երուսաղէմի նկարագիրը ու ներքին դրուածքը, յառաջացնելով իսլամ ու քրիստոնեայ բնակչութեան մօտ արտագաղթ ու նոյնիսկ խախտելով յիշեալ երկու կրօններու իրաւասութիւնները սրբատեղիներուն առնչուած, հակառակ միջազգային համայնքին ու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան որոշումներուն։

 

2) Միակողմանի որոշումներ ու մենատիրական տեսակէտներ Երուսաղէմի գծով՝ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատող եւ քրիստոնէութեան ու իսլամութեան ներկայութիւնը հարցականի տակ դնող, երբեք չեն նպաստեր շրջանէն ներս ամբողջական ու մնայուն խաղաղութիւն յառաջացնելու ձգտող ճիգերուն։

 

3) Երուսաղէմի նկատմամբ քաղաքական որեւէ մօտեցում կրնայ աւելի բարդացնել ու սրել ներկայ տագնապը։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ապաքաղաքականացնել Երուսաղէմի հարցը՝ Երուսաղէմը նկատելով մայրաքաղաքը միաստուածեան երեք կրօններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային քաղաք՝ իսրայէլեան ու պաղեստինեան վարչական միացեալ հովանաւորութիւնը վայելող։

 

4) Երուսաղէմը դարերու ընթացքին եղած է երեք միաստուածեան կրօններու համագոյակցութեան քաղաք։ Հակառակ երբեմն յառաջացող ներքին զգայնութիւններու՝ սրբատեղիներու նկատմամբ անոնց ունեցած իրաւասութեանց շրջագծէն ներս, անոնք միշտ յանձնառու եղած են միջազգային ճանաչում ունեցող իրենց իրաւասութեանց իրավիճակին պահպանման։ Արդ, ինչ ալ ըլլայ Երուսաղէմի նկատմամբ առնուելիք որոշումը խաղաղութեան գործընթացքի ծիրէն ներս, երեք կրօններու իրաւասութիւնները ճշդող իրավիճակը պէտք է պահել։

 

 Յիշեցնենք, որ Գահիրէի «Ալ Ազհար»ը կը համարուի սիւննի աշխարհի կրօնական գլխաւոր կեդրոններէն մին: