image

Զօրքերու խնդրով Մոսկուայէն պատասխան՝ Պաքուին

Զօրքերու խնդրով  Մոսկուայէն պատասխան՝ Պաքուին

Ատրպէյճանական զօրքերու դուրս բերման մասին հարցը պէտք է ուղղել Պաքուին: Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօն:

«Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ըրած է իր յայտարարութիւնը` մտահոգութիւն յայտնելով ղարաբաղեան գօտիին մէջ լարուածութեան սրման կապակցութեամբ», ըսած է Ռուտենքօն:

Մարտ 26-ին Ռուսաստնաի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ ատրպէյճանական զօրքերը մտած են Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտի: Կիրակի երեկոյեան Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ Ատրպէյճանը զօրքերը դուրս բերած է Լեռնային Ղարաբաղի Փառուխ բնակավայրէն: Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելի ուշ յայտարարած էր, որ հանրապետութեան զինուած ուժերու ստորաբաժանումները դուրս չեն բերուած բնակավայրէն: