Իրան զօրավարժութիւններ կ'իրականացնէ այնտեղ, ուր հարկ կը համարէ, յայտարարած է Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովի անդամ Հասան Հեմմատին՝ աւելցնելով, որ Իսլամական Հանրապետութիւնը չընդունիր Հարաւային Կովկասի սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն, կը հաղորդէ IRNA լրատուական գործակալութիւնը։
Մեկնաբանելով Իրանի հիւսիս-արեւմուտքուն մէջ՝ Ատրպէյճանի սահմանին գտնուող Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբի զօրավարժութիւնները՝ ան նշած է, որ «այս զօրավարժութիւնները ուժի ցուցադրութիւն էին, որու ուղերձն է՝ խաղաղութիւն եւ բարեկամութիւն հարեւան պետություններու համար եւ վճռական պատասխան՝ սպառնացող ցանկացած սպառնալիքի»:
«Երկրի հիւսիսային սահմաններուն մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները մեզի համար կարեւոր են, եւ անհրաժեշտութեան պարագային մենք վարժանքներ կ'իրականացնենք՝ պաշտպանելու երկրի իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը... Միջազգային ոչ մէկ օրէնք թոյլ կու տայ սահմաններու փոփոխութիւն տարածաշրջանի երկիրներուն մէջ. մենք կը կարծենք, որ իւրաքանչիւր երկիր ունի իր արժանապատւութիւնն ու դիրքը, եւ պէտք է պահպանուի տարածաշրջանի բոլոր պետութիւններու տարածքային ամբողջականութիւնը»։
Յիշեցնենք, որ Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբի (ԻՀՊԿ) ցամաքային ուժերը մի քանի ստորաբաժանումներու ներգրաւմամբ լայնածաւալ զօրավարժութիւններ իրականացուցած են Իրանի հիւսիսարեւմտեան սահմաններուն։