Լուրը համարդեց՝ «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր՝ «Ալ Մայատին»
Իսրայէլեան 12-րդ ալիքը գաղտնազերծած է նախազգուշական գաղտնի հաղորդագրութիւն մը, որ ուղարկուած է Իսրայէլի «պատերազմի փոքրացուած կառավարութեան» անդամ եւ Իսրայէլեան բանակի նախկին սպայակոյտի պետ Ղազի Այզընքոթի կողմէ՝ կառավարութեան միւս անդամներուն։ Հաղորդագրութեան մէջ վերջինս շեշտած է «պատերազմի նպատակներուն հասնելու հետզհետէ աճող դժուարութիւններու առկայութիւնը»։
Ըստ 12-րդ ալիքի իսրայէլեան հարցերով մեկնաբան Եարոն Աբրահամի, նամակը կը ներառէր «ճշգրիտ եւ խիստ վերլուծութիւն» Կազայի հատուածին մէջ դիմադրութեան դէմ պատերազմի իրավիճակին վերաբերեալ:
«Պատերազմին մէջ վճռական որոշումներու բացակայութիւն» վերնագրի ներքոյ Այզընքոթ շեշտած է, որ «կան աճող դժուարութիւններ՝ պատերազմի նպատակներուն հասնելու համար»՝ ընդգծելով, որ պատերազմի ռազմավարական ծրագիրը արդէն «տապալած է»։
Այզընքոթն իր նամակին մէջ ըսած է, որ այս հարցը կը սպառնայ «պատերազմի նպատակներու իրագործման եւ, ի լրումն այդ բոլորին , կը սպառնայ Իսրայէլի ռազմավարական դիրքին», հաստատելով ձախողումը իսրայէլեան երկու նպատակներուն՝ պատերազմին վերջ դնել այնպէս, որ երաշխաւորուած ըլլայ Կազայէն սպառնալիքներու չէզոքացումը, եւ իսրայէլցի վերաբնակիչներերու անվտանգութեան ամրապնդումը։
Աբրահամ աւելցուցած է, Այզընքոթ նաեւ ըսած է՝ «արդէն 3 ամիս է, որ վճռական որոշումներ չեն ընդունուիր, իսկ ռազմավարական որոշումները ընդունուած են պատերազմի սկիզբը», ընդգծելով, որ «Իսրայէլը այդ ժամանակէն ի վեր տեղքայլի մէջ է»։
Բանակին մէջ երկար ճանապարհ անցած Այզընքոթ քննադատած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն «լիակատար յաղթանակ»ի հասնելու անոր պնդումներուն վերաբերեալ ու նաեւ ծաղրած է զինք ակնարկելով, որ ան «քարոզչական նպատակներ կը հետապնդէ»։
Միւս կողմէ իսրայէլեան կայանը նկատել տուած է, որ այդ նամակը «կոշտ մեղադրանք է ուղղուած Նաթանիահուին եւ մեծ մասամբ՝ պատերազմի գրասենեակի դէմ», յիշեցնելով, որ Այզընքոթ տակաւին անդամ է անոր, եւ նշելով, որ ան «անյարմար կը զգայ քապինէթին մէջ»:
Իսրայէլեան հեռուստաալիքը Այզընքոթի ուղերձի մեկնաբանութեան մէջ աւելցուցած է. Այս չեն ըսեր հեռուստատեսութեան մեկնաբանները, այլ կ՚ըսէ «պատերազմի փոքրացուած կառավարութեան» նախարարը, որ Իսրայէլի մէջ որոշումներ կայացնող ամենակարեւոր հարթակն է»:
Այս նամակի բացայայտումը տեղի կ՚ունենայ այն պահուն, երբ անհամաձայնութիւնները կը սրին Իսրայէլի պատերազմի խորհուրդին մէջ, այն աստիճան, որ ստիպած է Այզընքոթը, «քապինթի» անդամ Պենի Կանցի հետ միասին, օրեր առաջ սպառնալ Նաթանիահուին լուծարելու այդ կառավարութիւնը։
Նամակի բացայայտումը կը համընկնի Կազայի հատուածին մէջ ստեղծուած բարդ իրավիճակին հետ, ուր ամէնօրեայ կերպով իսրայէլեան բանակի զոհերուն թիւը կը շարունակէ աճ արձանագրել ։