image

Զինուորներու աճիւններ Վարանտա շրջանին մէջ

Զինուորներու աճիւններ Վարանտա շրջանին մէջ
Պատերազմի ընթացքին զոհուած եւ անյայտ կորած համարուող զինծառայողներու աճիւններու որոնողական աշխատանքները 3 Օգոստոսին շարունակուած են Վարանտայի (Ֆիզուլի) շրջանին մէջ: Այս մասին յայտնած է Արցախի ԱԻՊԾ-ն:
 
Յայտնաբերուած է 3 հայ զինծառայողի աճիւն: Եւս 3 աճիւն ատրպէյճանական կողմը ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան զօրակազմի միջնորդութեամբ հայկական կողմին փոխանցած է Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկա-Շեխեր համայնքներու հատուածին մէջ:
 
Ընդհանուր առմամբ, այսօր Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն տարհանուած է 6 աճիւն: Անոնց ինքնութիւնը պիտի հաստատուի դատաբժշկական փորձաննութենէ ետք:
 
2020 թուականի 13 Նոյեմբերէն առ այսօր որոնողական աշխատանքներու շնորհիւ տարհանուած է 1629 աճիւն: