Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ գործող նախագահի հետ հանդիպման յայտարարած է, որ «Ժամանակն է լուծարելու Մինսքի խումբն ու ատոր հետ կապուած հիմնարկները»։
«Ատրպէյճանի ղեկավարն ըսած է, որ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնն արդէն մնացած է պատմութեան մէջ եւ գոյութիւն չունի, ժամանակն է լուծարելու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը եւ ատոր հետ կապուած բոլոր հիմնարկները: Ատրպէյճանական կողմը բարձրացուցած է այդ հարցը, եւ որեւէ պատճառ չկայ, որ հայկական կողմը չհամաձայնի ատոր»,-ըսուած է Ալիեւի աշխատակազմի մամուլի ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
Հանդիպման Ալիեւ դժգոհած է, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը երկար տարիներ քայլեր չէ ձեռնարկած «ատրպէյճանական տարածքները գրաւումէն ազատելու» ուղղութեամբ: Ըստ Ալիեւի՝ Մինսքի խումբի համանախագահներու կողմէ իրականացուող բանակցային գործընթացը «ծառայած է ատրպէյճանական տարածքներու գրաւման շարունակութեան»: