Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւ արտասահմանեան երկիրներու դիւանագէտներու եւ լրագրողներու համար կազմակերպուած ճեպազրոյցին յայտարարած է, որ Պաքուն երաշխիքներ ստացած է, որ հայկական զինուած ուժերը Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ պիտի զինաթափուին:
Ըստ Հաճիեւի՝ անոնք պիտի լքեն իրենց դիրքերը, իսկ ամբողջ զինտեխնիկան, ներառեալ ծանր տեխնիկան, պիտի տեղափոխուի Ատրպէյճան: Ըստ անոր՝ այդ ամէնը պիտի փոխանցուի ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ համաձայնեցուած։
ԼՂ հայ բնակչութեան ընկերային-տնտեսական համարկումը Ատրպէյճանի ներքին խնդիրն է
Նոյն ճեպազրոյցին Հաճիեւ նաեւ նշած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ընկերային-տնտեսական համարկումը Ատրպէյճանի ներքին խնդիրն է՝ ընդգծելով, որ համարկման ծրագիրն արդէն պատրաստ է: Հաճիեւի խօսքով՝ վերահամարկման վերաբերեալ հարցերն առաւել մանրամասն պիտի քննարկուին 21 սեպտեմբերին՝ Եվլախի մէջ նախատեսուած հանդիպման:
Ալիեւի օգնականն անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրին, շեշտած՝ Պաքուն, ընդհանուր առմամբ, պատրաստ է պայմանագիր կնքելու Հայաստանի հետ: Միեւնոյն ժամանակ ան հայկական կողմը մեղադրած է Ատրպէյճանի դէմ ամիսներ շարունակ հիպրիտային (խառնածին) պատերազմ մղելու, անոր տարածքային ամբողջականութիւնը կասկածի տակ դնելու համար:
Հիքմեթ Հաճիեւ անդրադարձած է նաեւ 21 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս սպասուող քննարկման՝ շեշտելով, թէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը կարգաւորելու համար ՄԱԿ-ի յատուկ մեխանիզմներու կիրառման կարիք չկայ: