Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն կը կարծէ, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զէլէնսքին ստիպուած պիտի ըլլայ բանակցելու Ռուսիոյ հետ: Այս դիրքորոշումը ան յայտարարած է Ռումանիա կատարած այցին ժամանակ:
«Ուքրանիոյ նախագահը եւ իշխանութիւններու այլ ներկայացուցիչներ ստիպուած պիտի ըլլան բանակցելու Ռուսիոյ հետ», ըսած է Մաքրոն:
Անոր խօսքով` եւրոպացիները նոյնպէս պէտք է մասնակցին այս բանակցութիւններուն եւ հանդէս գան որպէս անվտանգութեան երաշխաւոր: Ֆրանսայի ղեկավարը նշած է, որ ԵՄ-ն, Ուքրանիան եւ Ռուսիան «նոյն ցամաքամասին մէջ են»:
«Մենք կը փափաքինք հասնիլ խաղաղութեան, կը փափաքի, որ օր մը կրակը դադրի, եւ քննարկումը վերսկսի: Մենք Ռուսիոյ հետ նոյն ցամաքամասին մէջ ենք: Ան եղած է երէկ, կայ այսօր, եւ պիտի ըլլայ վաղը», յաւելած է Ֆրանսայի ղեկավարը: