Արեսթովիչ. Պարո՛ն Շոլց, դուք պատասխանատու էք մեր զոհուած զինուորներուն եւ խաղաղ բնակիչներուն համար, ամէն օր երեխաներ կը զոհուին, մենք ամէն օր 100 զինուոր կը կորսնցնենք, որովհետեւ դուք մեզի ծանր սպառազինութիւն չէք տար:
Գերմանիոյ կանցլէր Օլաֆ Շոլց պատասխանատուութիւն կը կրէ զոհուած ուքրանացիներուն համար, քանի որ ան Ուքրանիոյ չի տար իր խոստացած ծանր սպառազինութիւնը: Այս մասին ըսած է նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի խորհրդական Ալեքսյ Արեսթովիչը:
«Եթէ բաւական քանակութիւն (զէնք) ըլլայ, մենք կը յաղթենք պատերազմին: Երբ Արեւմուտքը մեզի տուաւ 120 հեռահար հրետանի, իրավիճակը ճակատին մէջ անմիջապէս փոխուեցաւ: Երեք օրուան ընթացքին ռուսերը կորսնցուցին յարձակման արագութիւնը», ըսած է Արեսթովիչը:
Ան յիշեցուցած է, որ Գերմանիան Ուքրանիոյ խոստացած է փոխանցել 88 «Լէոփարտ» հրասայլ, 50 «Կեփարտ» ինքնագնաց զենիթային կայանք:
Հարցին, թէ ինչ կ'ըսէ Շոլցին, եթէ հանդիպի, Արեսթովիչը պատասխանած է. «Պարո՛ն Շոլց, դուք պատասխանատու էք մեր զոհուած զինուորներուն եւ խաղաղ բնակիչներուն համար, ամէն օր երեխաներ կը զոհուին, մենք ամէն օր 100 զինուոր կը կորսնցնենք, որովհետեւ դուք մեզի ծանր սպառազինութիւն չէք տար: Ուքրանիոյ բանակը հզօր է, մենք կրնանք ռուսերուն յաղթել ու դուրս մղել մեր երկրէն, բայց մեզի զէնք պէտք է»: