image

Զէքիեան Գերապայծառ պիտի շարունակէ Առաջնորդի իր պարտականութիւնները

 Զէքիեան Գերապայծառ   պիտի շարունակէ  Առաջնորդի իր պարտականութիւնները

 Պոլսոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Առաջնորդ Արհի․ Տ․ Լեւոն Արք. Զէքիեան սովորականին պէս պիտի շարունակէ իր պարտականութիւնները։

 

 Այս մասին օրերս հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է Պոլսոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդարանը, որ նաեւ տեղ գտած է մի քանի հարթակներու վրայ։ 

 Նշենք, որ Պոլսոյ Առաջնորդարանը բարոյական պարտականութիւնը զգացած է նման հաղորդագրութեամբ մը կիսուելու, ի պատասխան ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած այն ենթադրական եւ անհիմն խօսքերու եւ արտայայտութիւններու, ըստ որոնց Զէքիեան Գերապայծառ պիտի հրաժարի Առաջնորդի իր բարձր պարտականութիւններէն։

 

 Ստորեւ «Արեւելք»  իր ընթերցողներուն  կը ներկայացնէ  հրապարակուած հաղորդագրութիւնը.

25 Փետրուար, 2022 թուականին, Ընկերային հաղորդակցութեան լրամիջոցներէն Դիմատետրի էջերուն վրայ եւ ազգային մամուլի որոշ ներկայացուցիչներու սիւնակներուն մէջ լուր ծաւալած է՝ թէ Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Առաջնորդ Արհի․ Տ․ Լեւոն Արք. Զէքիեան հրաժարած ըլլայ թեմական Առաջնորդի իր պաշտօնէն։ 

 

Այսու կը յայտարարենք թէ այս լուրը բոլորովին անհիմն է եւ Գերպ․ Տ․ Լեւոն Արք․ Զէքիեան իր պաշտօնին գլուխը կը գտնուի։

 

Այս առթիւ կը փափաքինք միանգամայն յիշեցնել բոլորին՝ որ Վիճակիս վերաբերեալ լուրերու միակ հաւաստի աղբիւր պէտք է նկատուին ուղղակի Առաջնորդարանիս անունը կրող յայտարարութիւնները։