2022 թուականի Յունիսի դրութեամբ ուքրանական Զապորոժիէի մարզը գրեթէ 60%-ով բռնագրուած է ռուսական զօրքերուն կողմէ: Այս մասին կը յայտնէ երկրի նախագահին կայքը:
Կը հաղորդուի, որ տեղի մարզային վարչակազմի ղեկավար Ալեքսանտր Սթարուխը նախագահ Վոլոտիմիր Զէլէնսքիին զեկուցած է, որ շրջանի տարածքին գրեթէ 60%-ը ժամանակաւորապէս բռնագրաւուած է ռուսական զօրքերուն կողմէ, իսկ մարտերը տեղ-տեղ կը շարունակուին:
Անոր խօսքով, Զապորոժիէի մարզի 77 բնակավայրեր հոսանքազրկուած են ռազմական գործողութիւններուն պատճառով: Հակառակորդը ոչնչացուցած է 2701 ենթակառուցուածքային կառոյց, որմէ առ այսօր վերականգնուած է գրեթէ 700-ը:
Մինչդեռ մարզային կեդրոնին մէջ ստեղծուած են մարդասիրական կեդրոններ` ընդունելու ժամանակաւոր բռնագրաւուած տարածքներու եւ բնակավայրերու բնակիչները, ուր ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին:
«Վերջին 15 օրուան ընթացքին ամենամեծ թիւով մարդիկ եկած են Խէրսոնի շրջանէն, կը ժամանեն նաեւ Մարիուփոլէն», յաւելած է Սթարուխը: