Կարծէք մօտիկ անցեալի դիպաշարը կը կրկնուի։ Ռուսաստանի Դաշնութեան Արտաքին Գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Մարիա Զախարովա «Դաս տալ»ու հնարաւորութիւնը չփախցնելով նկատել կու տայ, որ «այն որ Արեւմտուտքին կը հետեւի, ահա այսպիսի ճակատագիր պիտի ունենայ...»։
Ուշագրաւն այն է, որ Զախարովան «կրակ կը բանայ» յատկապէս Ֆրանսայի դէմ արտայայտուելով, որ Ֆրանսան եւ անձամբ նախագահ Մաքրոն իր ուսերուն առած էր Ղարաբաղի հարցի լուծումը, բայց ոչինչ կարողացաւ ընել, յիշեցնելով նաեւ, որ ան որ արեւմուտքին կը վստահի ահա այսպիսի ճակատագրի կ՚ենթարկուի...»
Թարմ լուրեր ստանալու համար՝ հետեւեցէ՛ք «Արեւելք»ի թելեկրամեան ալիքին