image

Յունաստանի Թեմի Առաջնորդ Տ. Գեղամ արք. այցը՝ Թեսաղոնիկէ

   Յունաստանի  Թեմի Առաջնորդ Տ.  Գեղամ  արք.  այցը՝ Թեսաղոնիկէ

Յունահայոց  Թեմի Առաջնորդ Տ.  Գեղամ  արք. Խաչերեան  օրերս  հովուական այցելութիւն մը տուած    Թեսաղոնիկէ։ 

 

 Այս մասին   «Արեւելք» իմացաւ  Աթէնքի մեր պաշտօնակից ՝ «Ազատ օր»էն, որ մասնաւորապէս  կը գրէ ՝

«Հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ եւ նա­խա­գա­հու­թեամբ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեա­նի, ­Կի­րա­կի՝ 29 Օ­գոս­տոս 2021-ի ա­ռա­ւօ­տեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ ս. եւ ան­մահ պա­տա­րագ, ներ­կա­յու­թեամբ շրջա­նի կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ հա­ւա­տա­ցեալ բազ­մու­թեան։ Ս. պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս ծ. վրդ. ­Փա­շա­յեան։

­Նախ­քան Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր հայ­րա­կան պատ­գա­մին, հայր սուր­բը, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մեծ ըն­տա­նի­քին ա­նու­նով բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ սրբա­զան հօր, որ հա­կա­ռակ այս դժո­ւար պայ­ման­նե­րուն, իր Ա­ռաջ­նոր­դա­կան հո­վո­ւա­կան այ­ցե­լու­թեան ծի­րէն ներս կ’այ­ցե­լէ ­Սե­լա­նիկ՝ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն հետ ըլ­լա­լու, լսե­լու, խօ­սե­լու, քա­ջա­լե­րե­լու եւ իր հայ­րա­կան պատ­գա­մը փո­խան­ցե­լու։ ­Գերպ. հայր սուր­բը բա­րի կե­ցու­թիւն մաղ­թեց Ա­ռաջ­նորդ սրբա­զան հօր եւ հրա­ւի­րեց որ իր ­Հայ­րա­կան պատ­գա­մը փո­խան­ցէ մեր ժո­ղո­վուր­դին։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը օ­րո­ւան ­Ճա­շու ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­տո­ւա­ծը խորհր­դա­ծե­լով խօ­սե­ցաւ հա­ւատ­քի արթ­նու­թեան մա­սին, մա­նա­ւանդ այս դժո­ւար օ­րե­րուն՝ փո­թո­րիկ­նե­րու ա­լե­կո­ծում­նե­րուն դէմ-յան­դի­ման գտնո­ւե­լով՝ մեր նա­ւե­րը խա­ղաղ նա­ւա­հան­գիստ հասց­նե­լով՝ ա­պա­ւի­նինք մեր ­Տի­րոջ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի զօ­րու­թեան։ Ան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ սուր­բե­րուն եւ սրբու­հի­նե­րուն մա­սին, նկա­տի ու­նե­նա­լով օ­րո­ւան տօ­նը՝ Ս. Աս­տո­ւա­ծած­նայ գօ­տին գտնե­լու կա­պակ­ցու­թեամբ։ ­Վեր ա­ռաւ Ս. Աս­տո­ւա­ծած­նի մայ­րա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թեան մա­սին եւ իր բա­րե­խօ­սա­կան միջ­նոր­դու­թիւ­նը առ ­Միա­ծին Որ­դի։

Սր­բա­զան հայ­րը անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ գո­յու­թեան, նպա­տա­կին ու մա­նա­ւանդ դե­րա­կա­տա­րու­թեան մա­սին եւ ե­կե­ղե­ցին ներ­կա­յա­ցուց որ­պէս մեր հա­ւատ­քի հա­ւա­քա­կան նա­ւը, մեր ­Նո­յեան ­Տա­պա­նը՝ ա­նոր մէջ սնո­ւե­լու, ան­կէ առ­նե­լու մեր հո­գե­ւոր դաս­տիա­րա­կու­թիւնն ու ա­նոր մի­ջո­ցաւ բաշ­խե­լու մեր ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին։

­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը ե­ղաւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն հետ՝ լսե­լով, խօ­սե­լով, զրու­ցե­լով եւ իր հայ­րա­կան օրհ­նու­թիւ­նը բաշ­խե­լով ա­նոնց, ինչ­պէս նաեւ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւին, ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դին հետ տես­նո­ւե­լով՝ ու­զեց գիտ­նալ գա­ղու­թին վի­ճա­կը, յատ­կա­պէս ու մաս­նա­ւո­րա­բար այս դժո­ւար օ­րե­րուն եւ իր հայ­րա­կան թե­լադ­րու­թիւն­նե­րով քա­ջա­լե­րեց՝ նոյն ո­գիով շա­րու­նա­կե­լու մեր ե­կե­ղեց­ւոյ պայ­ծա­ռու­թեան ի խնդիր։

­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 1 ­Սեպ­տեմ­բեր 2021-ի ե­րե­կո­յեան, իր Ա­ռաջ­նոր­դա­կան այ­ցե­լու­թեան ծի­րէն ներս, ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վի­ւին եւ Ազգ. վար­չու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ տիկ. ­Վե­րա Պ­լէ­ճեա­նի ժա­մա­նեց ­Սեր­րես քա­ղա­քի հայ կեդ­րո­նը եւ դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ քա­ղա­քի ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. ­Վազ­գէն ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի, ինչ­պէս նաեւ ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դի եւ ­Տիկ­նանց մարմ­նի ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րուն կող­մէ։ Ա­ռաջ­նորդ սրբա­զան հայ­րը հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ հա­մայն­քի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ, հե­տաքրք­րո­ւե­լով շրջա­նի տա­րած գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն եւ քա­ջա­լեր հան­դի­սա­նա­լով՝ իր հայ­րա­կան օրհ­նու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցեց ­Սեր­րէ­սի հա­յոր­դի­նե­րուն։ Ան անդ­րա­դարձ մը կա­տա­րեց «­Քո­րո­նա» հա­մա­ճա­րա­կի պատ­ճա­ռած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն ու տագ­նապ­նե­րուն եւ յոր­դո­րեց ա­ռա­ւել զգու­շու­թեամբ եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ շա­րու­նա­կե­լու՝ հե­տե­ւե­լով պե­տա­կան ո­րո­շում­նե­րուն։ Ա­ւար­տին, թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ սրբա­զան հայ­րը իր բարձր գնա­հա­տանքն ու օրհ­նու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցեց ներ­կա­նե­րուն եւ յի­շա­տա­կե­լի նկա­րով մը պա­տո­ւեց ա­նոնց։ ­Նոյն օ­րը, այ­ցե­լու­նե­րը վե­րա­դար­ձան ­Թե­սա­ղո­նի­կէ եւ յա­ջորդն օրն իսկ, Ա­ռաջ­նորդ սրբա­զան հայ­րը մեկ­նե­ցաւ Թ­րա­կիա»։