Յունաստանի Ողիմպիա սրբավայրին մէջ տեղի ունեցած է 2024 թուականի Փարիզի Ողիմպիական խաղերու կրակի վառման արարողութիւնը:
Ջահը վառուած է արեւի լոյսէն ստացուած կրակէն ապրիլ 15-ին տեղի ունեցած գլխաւոր փորձի ժամանակ։ Քրմուհիի դերը կատարած է յոյն դերասանուհի Մերի Մինան։
Արարողութեան ներկայ եղած են Յունաստանի նախագահ Քաթերինա Սաքելլարոփուլուն, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի ղեկավար Թոմաս Պախը, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն եւ այլ պաշտօնատար անձինք:
Մինչեւ Ֆրանսա հասնիլը ջահը պիտի շրջի ամբողջ Յունաստանով եւ միայն 10 օր անց պիտի հասնի հիւրընկալող երկիր:
Կրակի վառման արարողութեան նախորդած ելոյթներու ընթացքին Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախը յոյս յայտնած է, որ աշխարհի համար այս դժուարին շրջանին Ողիմպիական խաղերը պիտի ըլլան բոլորին միաւորող օղակը:
Հայաստանը 33-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերուն դեռ ունի 7 մասնակից` հրաձիգ Էլմիրա Կարապետեանը, ըմբիշներ Արթուր Ալեքսանեանը, Մալխաս Ամոյեանը, Սլավիկ Գալստեանը, Վազգէն Թեւանեանը, Արսէն Յարութիւնեանը, մարմնամարզիկ Արթուր Դաւթեանը: