image

Յուլիս մէկին Ռուբինեան-Քըլըճ հանդիպում

Յուլիս մէկին Ռուբինեան-Քըլըճ հանդիպում

Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացի շրջանակներուն մէջ երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու՝ ԱԺ ՔՊ–ական պատգամաւոր Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըճի յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 1-ին, Վիեննայի մէջ:

Ռուբէն Ռուբինեանը եւ Սերտար Քըլըճը առաջին անգամ հանդիպած էին Յունուարին Մոսկուայի մէջ, այնուհետեւ` Փետրուարին եւ Մայիսին Վիեննայի մէջ: Կողմերը յայտարարած էին, որ բանակցութիւններուն վերջնական նպատակն է Հայաստանի ու Թուրքիայի միջեւ յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորումը: