image

Ըստ Փութինին. Ուքրանիոյ պարագային Ռուսիան իր նպատակներուն դեռ չէ հասած

Ըստ Փութինին. Ուքրանիոյ պարագային Ռուսիան իր նպատակներուն դեռ չէ հասած

Մենք դեռ չենք հասած մեր նպատակներուն. նպատակներէն մէկը ապազգայնացումն է՝ խօսքը բոլոր նէո-նացիստական շարժումներու արգելման մասին է. այս մասին հեռուստալրագրող Թաքըր Քարլսընի հետ հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը։

«Ահա թէ ինչ է ապաազգայնացումը մեր հասկացողութեամբ՝ պէտք է ձերբազատուիլ այն մարդոցմէ, որոնք կը պահպանեն այս տեսութիւնն ու գործելաոճը կեանքի մէջ», - ըսած է Փութինը:

Ան աւելցուցած է, որ այդ հարցը քննարկուած է Իսթանպուլի մէջ Ուքրանիոյ պատուիրակութեան հետ բանակցութիւններու ժամանակ:

«Սա այն խնդիրներէն մէկն է, որ մենք քննարկած ենք անցեալ տարուան սկիզբը Իսթանպուլի մէջ աւարտած բանակցային գործընթացի ժամանակ: Այդ գործընթացը մեր նախաձեռնութեամբ չէ, որ աւարտած է, քանի որ մեզի մասնաւորապէս եւրոպացիները կ՚ըսէին՝ փաստաթուղթերու վերջնական ստորագրման համար պայմաններու ստեղծումը հրամայական է։ Ֆրանսայի եւ Գերմանիայի իմ գործընկերները կ՚ըսէին՝ ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք, որ անոնք ստորագրեն համաձայնագիրը՝ ատրճանակը գլուխնուն պահուած: Պէտք է զօրքերը հեռացնել Քիեւէն: Ըսի՝ լաւ։ Մենք մեր զօրքերը հեռացուցինք Քիեւէն: Հազիւ մենք դուրս բերինք մեր զօրքերը Քիեւէն, ուքրանացի բանակցողներն անմիջապէս աղբարկղը նետեցին Իսթանպուլի մէջ ձեռք բերուած մեր բոլոր պայմանաւորուածութիւնները եւ պատրաստուեցան երկար զինուած առճակատման՝ ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի մէջ անոր արբանեակներու օգնությամբ։ Ահա թէ ինչպէս զարգացած է իրավիճակը», - նշած է Ռուսիոյ նախագահը: