image

Ըստ ԱՄՆ-ին «Վակնէր»ը ահաբեկչական կազմակերպութիւն

Ըստ ԱՄՆ-ին «Վակնէր»ը  ահաբեկչական կազմակերպութիւն

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտի նախարարութիւնը պատժամիջոցներ սահմանած է Մալիի մէջ «Վակնէր» մասնաւոր ռազմական կազմակերպութեան ղեկավար Իվան Մասլովի նկատմամբ։ Այս մասին գրած է CNN-ը։

Պատժամիջոցները կիրառուած են, երբ ամերիկացի պաշտօնեան,  վկայակոչելով վերջերս գաղտնազերծուած հետախուզութիւնը, CNN-ին ըսած էր, որ «Վակնէր» կը փորձէ Մալիով ռազմական զինատեսակներ առաքել Ուքրանիա, եւ կը կեղծէ գործարքներու փաստաթուղթերը։

ԱՄՆ-ի Ելեւմուտի նախարարութիւնը յայտնած է, որ պատժամիջոցները կիրառուած են որպէս պայքարի մաս Ափրիկէի մէջ «Վակնէր»ի գործողութիւններուն դէմ, որ կը սատարէ Ռուսիոյ Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին։

Միացեալ Նահանգներու գանձապետարանը նաեւ հաստատած է CNN-ի հետաքննութեան արդիւնքները «Վակնէր»ի կողմէ Սուտանի Արագ աջակցութեան ուժերուն աջակցելու վերաբերեալ:

Անցեալ շաբաթ ԱՄՆ պաշտօնեան CNN-ին ըսած էր, որ դեռ նշաններ չկան, որ «Վակնէր» յաջողութեամբ ձեռք բերած է սպառազինութիւնը, սակայն խումբը շարունակած է աշխատիլ Մալիի իր կապերէն ականներ, անօդաչու սարքեր, ռատարներ ու հակամարտկոցային համակարգեր ձեռք բերելու ուղղութեամբ Ուքրանիոյ մէջ օգտագործելու համար: «Մենք ուշադիր կը հետեւինք անոնց»,- աւելցուցած էր պաշտօնեան։